ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ԴԱՒԻԹ ՔԱՀԱՆԱՅ ԶԵԼՎԷԵԱՆԻ

Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը հոգեկան անհուն վշտով կը հաղորդէ, թէ թեմի հանգստեան կոչուած հոգեւորականներէն Տ. Դաւիթ Քհնյ. Զելվէեան (1950-2018) յետ երկարատեւ լուրջ հիւանդութեան, Երկուշաբթի, Մարտի 19-ին ի Տէր հանգեաւ։

Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ Տ. Վաչէ Արքեպիսկոպոս Յովսէփեանի եւ թեմի հոգեւորականներու, թաղման տան կարգը, եկեղեցւոյ կարգը եւ վերջին օծումը կատարուեցաւ Երեքշաբթի, Մարտի 27-ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարին մէջ։

Օրուան Ս. Պատարագը մատուցեց Տ. Յովսէփ Ա. Քահանայ Յակոբեան։ «Ողջոյն»էն առաջ առաջնորդ սրբազան հայրը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց վախճանեալ տէր հօր ճակատն ու աջ ձեռքը։ Ապա «Ողջոյն»էն ետք սրբազան հօր գլխաւորութեամբ՝ բոլոր հոգեւորականները համբուրեցին տէր հօր ճակատն ու աջ ձեռքը։

Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ցաւակցագիրը, փոխանցեց իր սրտաբուխ պատգամը, անձամբ եւ թեմի հոգեւոր հովիւներու անունով ցաւակցութիւններ յայտնեց երէցկին Շուշանին, զաւակներուն, բոլոր հարազատներուն եւ սգակիրներուն։

Արարողութեան աւարտին Հալիվուտ Հիլզ Ֆորըսթ Լոն գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ թաղման կարգը, որուն յաջորդեց հոգեճաշը՝ Առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ։

«Յիշեսցէ Տէր զհոգի ծառային իւրոյ եւ հանգուսցէ զնա ի լոյս երեսաց աստուածութեան իւրոյ»:

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ

Տ. Դաւիթ Քհնյ. Զելվէեան ծնած է 1950 թուականի Յունիս 14-ին, Նիկոսիա, Կիպրոս: Աւազանի անունն էր Գէորգ: Ուսանած է Նիկոսիոյ Մելիքեան-Ուզունեան ազգային վարժարանին մէջ:

1960 թուականին դժբախտութիւնը ունեցած է կորսնցնելու հայրը, որուն պատճառաւ իր խնամքը յանձնուած է մեծ մօր: Նոյն տարին ընտանեօք փոխադրուած են Լոնտոն, սակայն երկու տարի ետք՝ 1962 թուականին կրկին վերադարձած են Կիպրոս: Վեց ամիս ետք ներգաղթած են Հայրենիք՝ Սովետական Հայաստան եւ հաստատուած են Կիւմրի քաղաքին մէջ (նախկին Լենինական):

Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Մեսրոպ Մաշտոց դպրոցին մէջ: Յաջորդող տարիներուն աշխատած է տարբեր հաստատութիւններու մէջ: 1971 թուականին ամուսնացած է Շուշիկ Մարտիրոսեանի հետ եւ բախտաւորուած են երեք մանչ զաւակներով՝ Սարգիս, Յովհաննէս եւ Արմէն: Փոքր տարիքէն սկսեալ հաւատացեալ ընտանիքի զաւակ մը ըլլալով, անմիջական մասնակցութիւն ունեցած եւ ծառայած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ՝ Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին, Լոնտոնի Ս. Սարգիս եւ Կիւմրիի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն մէջ:

Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպիսկոպոս Շաքարեանի միջնորդութեամբ 1976-1977 թուականներուն ուսանած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանի առընթեր Քահանայից դասարանին մէջ: Երջանկայիշատակ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կարգադրութեամբ, 1977 թուականի Յուլիսի 10-ին, Վարդավառի Բարեկենդանի օրը Ս. Հռիփսիմէ վանքին մէջ ըստ կարգաց եւ կանոնաց Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, քահանայ կը ձեռնադրուի Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Գէորգ Արքեպիսկոպոս Սերայտարեանի ձեռամբ եւ կը վերանուանուի Տ. Դաւիթ Քահանայ: Իր քառասնօրեայ ապաշխարութեան շրջանը կը բոլորէ Մայրավանքին մէջ՝ աղօթքով եւ երկիւղածութեամբ: Ապա Տ. Յուսիկ Արքեպիսկոպոս Սանթուրեանի հրաւէրով անմիջապէս կը մեկնի Պաքու, Ատրպէյճան՝ մէկ ամիսով փոխարինելու բացակայ եղող հոգեւոր հովիւը:

1977 թուականի Հոկտեմբերի 9-ին, Տ. Գէորգ Արքեպիսկոպոս Սերայտարեանի բարեհաճ կարգադրութեամբ կը նշանակուի հոգեւոր հովիւ՝ Թիֆլիզի Ս. Գէորգ մայր եկեղեցւոյ, ուր հաւատարմութեամբ, բարեխղճութեամբ եւ ազնուութեամբ կը ծառայէ տասնմէկ տարի: Առ ի գնահատութիւն իր նուիրեալ ծառայութեան, երջանկայիշատակ Տ. Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ սրբազան հօր միջնորդութեամբ, յատուկ կոնդակով տէր հայրը կը պարգեւատրէ «Քահանայական լանջախաչ»ով:

1988 թուականի Մարտին, Տէր Դաւիթ ընտանեօք փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած՝ Գալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Անցնող տարիներուն հետեւած է անգլերէն լեզուի դասընթացքներուն՝ Glendale Community եւ Career քոլէճներուն մէջ:

Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի նախկին առաջնորդ Վաչէ Արքեպիսկոպոս Յովսէփեանի կողմէ նշանակուած է հոգեւոր հովիւ՝ Կլենտէյլ, Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, ուր ծառայած է 1993 թուականի Յունիս 23-էն մինչեւ 1998 թուականը:

1996 թուականէն ի վեր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օրինապահ քաղաքացի էր:

2000 թուականի Մայիսէն ի վեր կը ծառայէր Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանէն ներս, ինչպէս նաեւ որպէս այցելու հոգեւոր հովիւ: 2003-2007 թուականներու միջեւ կը ծառայէր որպէս անդրանիկ հոգեւոր հովիւը՝ Պըրպենքի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, Առաջնորդարան: Ապա Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի կողմէ կը նշանակուի Առաջնորդարանի արխիւներու պատասխանատուն: Իսկ 2008 թուականէն ի վեր այդ պաշտօնի կողքին կը ծառայէր նաեւ որպէս հոգեւոր հովիւը՝ Միշըն Հիլզի մէջ գտնուող «Արարատ» հայ տարեցներու տան:

Տէր Հայրը իր ստանձնած բոլոր պաշտօններն ու պարտականութիւնները կատարած է ամենայն բարեխղճութեամբ եւ հաւատարմութեամբ: Ազնիւ նկարագրի տէր եւ բարեհամբոյր հոգեւորական մըն էր, որ կը ծառայէր անսակարկ նուիրումով եւ պարտաճանաչութեամբ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 10, 2018