ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ՇՐՋԱԴԱՐՁ

Սուրիոյ իրադարձութիւնները վերստին առաջնահերթօրէն տեղ կը զբաղեցնեն միջազգային օրակարգի վրայ։ Արեւելեան Կութայի եւ Տումա քաղաքի մէջ ստեղծուած տմարդի պատկերը կը ցնցէ համայն աշխարհը։ Սուրիոյ բանակը ներկայիս պաշարած է Տուման, ուր կ՚ապրի շուրջ 100 հազար հոգի։ Պնդումներ կան, թէ Սուրիոյ բանակը կ՚օգտագործէ քիմիական զէնք։ Իսրայէլի կողմէ Հոմսի մերձակայ զինուորական օդակայանի ռմբակոծումը արդէն նոր իրավիճակ մը ստեղծած է Սուրիոյ ներքին պատերազմին տեսակէտէ։ Մոսկուա երէկ անմիջապէս տեղեկացուց, որ զինուորական օդակայանին վրայ յարձակումը գործուած է Իսրայէլի կողմէ։ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատ այս կապակցութեամբ առաջին հերթին մեղադրեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, որ ահազանգ կը հնչեցնէ քիմիական զէնքերու օգտագործման պնդումով։ Իսկ Ռուսաստան տեղեկացուց, որ արեւելեան Կութայի մէջ քիմիական զէնքերու օգտագործուած ըլլալու վերաբերեալ հետքեր չեն յայտնաբերուած։

Ներկայ պայմաններով Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը հանդէս կու գայ բաւական իրերամերժ տրամադրութիւններով։ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ քանի մը օր առաջ խօսած էր իր երկրի զօրքերը այլեւս Սուրիայէն դուրս բերելու մասին։ Իսկ երէկ Թրամփ յայտարարեց, որ զինուորական վարկածները արդէն սեղանի վրայ կը գտնուին։ Ամերիկացի ղեկավարը ընդգծեց, որ շփման մէջ է իր բանակի վերնախաւին հետ։ Ուաշինկթըն յառաջիկայ մէկ-երկու օրուան ընթացքին պիտի տայ իր որոշումը։ Ռուսաստանի ղեկավարութիւնը արձագանգեց ամերիկեան կողմի ռազմական մտադրութիւններուն։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր երկիրը Սուրիան պիտի պաշտպանէ՝ եթէ ԱՄՆ զինուորական միջամտութիւնով մը հանդէս գայ։ Լաւրով եւս հաստատեց, որ ռուս զինուորական մասնագէտներ այցելած են խնդրոյ առարկայ շրջանները եւ չեն հանդիպած քիմիական զէնքերու հետքին։

Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ ուշադրութեամբ կը հետեւի այս բոլոր իրադարձութիւններուն։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու նախագահները քննարկեցին Տումայի եւ արեւելեան Կութայի յարձակումները։ Անոնք կարեւորեցին համատեղ աշխատանքի ծաւալումը՝ քաղաքային ժողովուրդի մահերու կանխարգիլման եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու փոխադրութեան համար։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Էրտողան մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Երկու նախագահները գոհունակութիւն յայտնեցին՝ վերջերս Անգարայի մէջ Սուրիոյ ճգնաժամին շուրջ կազմակերպուած եռակողմանի գագաթաժողովի արդիւնքներուն համար։

Մինչ այդ, Սերկէյ Լաւրով երէկ անդրադարձաւ նաեւ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ կատարուած «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն։ Լաւրովի խօսքով՝ գործողութիւններու սկիզբին Էրտողան յայտնած էր, որ նպատակը պիտի չըլլայ բռնագրաւում։ Ռուսական կողմն ալ հետեւած է, որ Անգարայի կողմէ կանխատեսուած նպատակները իրականացուած են։ Ուստի, ըստ Լաւրովի, Թուրքիա Աֆրինը պէտք է վերադարձնէ Սուրիոյ օրինական կառավարութեան։ «Մենք կը յուսանք, թէ այսպիսի ճանապարհ մը կ՚որդեգրուի», ըսաւ Սերկէյ Լաւրով։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 10, 2018