ԱՅՑ՝ ԴԷՊԻ ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ

Այսօր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը մեկնի Սթրազպուրկ, ուր շփումներ կ՚ունենայ Եւրոխորհուրդէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի վարչապետը վաղը մասնակցութիւն կը բերէ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) գարնանային նստաշրջանի լիագումար նիստին, որու ընթացքին նախատեսուած է իր ելոյթը։ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթէն վերջ կը պատասխանէ նաեւ եւրոպացի պատգամաւորներու հարցումներուն։

Սթրազպուրկի մէջ Փաշինեան հանդիպումներ կ՚ունենայ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոն Եակլանտի, ԵԽԽՎ-ի նախագահ Լիլիան Մորի Փասքիէի, Եւրոխորհուրդի Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճաննի Պուքիքիոյի հետ։ Փաշինեան եւ Եակլանտ Սթրազպուրկի մէջ կը սարքեն նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին յայտարարութիւններով հանդէս կու գան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ։

Հայաստանի վարչապետը, Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը եւ ԵԽԽՎ-ի նախագահը պաշտօնապէս կը բանան նաեւ ցուցահանդէս մը։ «Հայաստանի Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» խորագրեալ այս լուսանկարչական ցուցահանդէսը նախատեսուած է Եւրոխորհուրդի կեդրոնակայանէն ներս՝ Եւրոպայի պալատի երդիքին տակ։ Սթրազպուրկի մէջ կեցութեան օրերուն Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մըն ալ կ՚ունենայ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Սթրազպուրկ մեկնելէ առաջ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին կապակցութեամբ։ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս ան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր ունեցած վերջին հանդիպման։ «Հայաստան չի պատրաստուիր ռազմական գործողութիւններու սկսիլ, բայց եթէ ոեւէ մէկը նման քայլի ձեռնարկէ, ապա Հայաստան այդ մէկուն պիտի պարտադրէ խաղաղութիւն։ Համանախագահներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու համատեղ յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ հանդիպումը անցած է շինիչ մթնոլորտի մէջ։ Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է պահպանել եւ ուժեղացնել հրադադարի դրութիւնը։ Կա՞յ արդեօք հնարաւորութիւն, որպէսզի մենք դրժենք այդ պայմանաւորուածութիւնը. ոչ, այդպիսի հաւանականութիւն չկայ։ Բայց եթէ յանկարծ ոեւէ մէկը դրժէ այդ պայմանաւորուածութիւնը, ապա սա չի նշանակեր, թէ մենք պիտի չպաշտպանուինք», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Լրագրողի մը հարցման պատասխանելով Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Մենք կ՚ըսենք՝ մեզ մի՛ վախցնէք պատերազմով, որովհետեւ մենք պատերազմէ չենք վախնար։ Եթէ ոեւէ մէկը մեր դէմ պատերազմի սկսի, կը մտածէ, թէ Հայաստան պիտի յանձնուի՞։ Ի հարկէ՝ ոչ։ Մենք կ՚ըսենք՝ մենք թիւ մէկ ջատագովն ենք, որ ղարաբաղեան հարցը լուծուի խաղաղ ճանապարհով եւ մենք կ՚ըսենք, որ ամէն ինչ պիտի ընենք, որ առաջ քշենք խաղաղութեան օրակարգը եւ եթէ մենք անընդհատ կը խօսինք խաղաղութեան օրակարգէ, ապա թող տպաւորութիւն չստեղծուի, թէ պատերազմի սպառնալիքէն մենք կը վախնանք։ Որքան պատերազմի սպառնալիքէն մենք վախնալու բան ունինք, այնքան ալ Ատրպէյճանը ունի վախնալու բան եւ ընդհանրապէս տարածքաշրջանը ունի վախնալու բան։ Մեզի պարտադրուելիք պատերազմի մը պարագային մենք պիտի պարտադրենք խաղաղութիւն։ Մենք չենք պատրաստուիր ռազմական գործողութեան սկսելու, բայց եթէ ոեւէ մէկը մեր դէմ ռազմական գործողութեան սկսի, ապա մենք պիտի պարտադրենք խաղաղութիւնը»։

Հայաստանի խորհրդարանէն ներս լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան նաեւ յոյս յայտնեց, թէ Ատրպէյճանի հետ երկուստեք հնարաւոր կ՚ըլլայ երաշխաւորել գիւղատնտեսական աշխատանքներու անվտանգութիւնը։ Ըստ իրեն, մարդասիրական գործողութիւններու շրջանակին մէջ հնարաւոր պէտք է ըլլայ Ատրպէյճանի հետ երկուստեք երաշխաւորել գիւղատնտեսական աշխատանքներու անվտանգութիւնը։ Ան յիշեցուց, որ Իլհամ Ալիեւի հետ վերջին հանդիպման ընթացքին համաձայնութեան հասած էին մարդասիրական գործողութիւններ իրականացնելու համար։ «Մենք պատրաստ ենք երաշխաւորել, որ մեր զօրքերը չեն կրակեր որեւէ քաղաքացիական անձի, առաւել եւս՝ գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնողներու վրայ։ Եթէ Ա-տըրպէյճան վերահաստատէ այս պատրաստակամութիւնը, սա կրնանք իրագործել», աւելցուց վարչապետը եւ ընդգծեց, որ կան նաեւ մարդասիրական քանի մը այլ հնարաւոր ձեռնարկներ։

Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ Վիեննայի հանդիպման վերաբերեալ համանախագահներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու կողմէ տարածուած յայտարարութեան։ Բնականաբար ինք նախապէս տեսած էր այդ յայտարարութեան բնագիրը եւ տուած իր հաւանութիւնը։ Փաշինեան նշեց, որ կը հաստատէ այնտեղ հնչած իւրաքանչիւր բառը։

Բացի խորհրդարանի երդիքին տակ լրագրողներու հետ զրուցելէ, Նիկոլ Փաշինեան ղարաբաղեան հարցին մասին ուշագրաւ պատգամներ տուաւ նաեւ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Երկրապահ կամաւորներու միութեան (ԵԿՄ) համագումարին ժամանակ։ Ըստ իրեն, Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ձեւաչափի վերականգնումը կ՚առաջարկէ։ Ան ըսաւ. «Կ՚ըսուի, որ Հայաստան կամ Ղարաբաղ կ՚առաջարկեն բանակցութիւններու ձեւաչափի փոփոխութիւն եւ որպէս յաղթանակ կը նշուի այն պարագան, որ ձեւաչափի փոփոխութիւն չ՚արձանագրուիր։ Հայաստանի կառավարութիւնը բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան հարց երբեք չէ դրած, Հայաստան դրած է բանաձեւի ձեւաչափի վերականգնման հարց։ Այն, որ բանակցութիւնները պէտք է ունենան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ձեւաչափին մէջ, սա ոեւէ մէկու համար կասկածի տակ չէ։ Այսօր բանակցային գործընթացը պէտք է շարունակուի այն նոյն տրամաբանութեամբ, որով հիմնադրուած է տակաւին 1990-ականներու առաջին կէսին։ Կարելի չէ որեւէ հակամարտութեան լուծման մասին խօսիլ, առանց այդ հակամարտութեան առանցքային ներկայացուցիչներու մասնակցութեան։ Եթէ մենք կը խօսինք առանց Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու, ուրեմն կը խօսինք ամէն ինչի մասին, բացի հակամարտութեան լուծման մասին խօսելէ»։

Միեւնոյն ժամանակ, Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ պէտք է յստակութիւն մտցուի Մատրիտեան սկզբունքներու նշանակութեան հարցին մէջ, որպէսզի կարողանայ յայտարարել, թէ այդ սկզբունքները որքանո՞վ ընդունելի են, կամ, առհասարակ, ընդունելի՞ են թէ ոչ հայկական կողմի տեսակէտէ։

Նոյն համագումարի ընթացքին Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն հետ պէտք չէ խօսիլ պատերազմի սպառնալիքով։ Պատերազմի սպառնալիքին Հայաստան պիտի պատասխանէ խաղաղութեան օրակարգով, անհրաժեշտութեան պարագային՝ խաղաղութեան պարտադրման օրակարգով։ Ան շարունակեց. «Կարելի չէ սպառնալ դիմացի ժողովուրդին։ Սպառնալիքով ժողովուրդներու հետ չեն խօսիր։ Եւ, ընդհանրապէս, մեզի հետ պէտք չէ խօսիլ սպառնալիքի լեզուով։ Մեզի պէտք չէ ընդհանրապէս սպառնալ պատերազմով։ Պատերազմի սպառնալիքին մենք պիտի պատասխանենք խաղաղութեան օրակարգով, անհրաժեշտութեան պարագային՝ խաղաղութեան պարտադրման օրակարգով։ Խաղաղութեան կոչին պիտի արձագանգենք խաղաղութեան պատրաստակամութեան օրակարգով»։

Բաց աստի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ տարածքաշրջանէ ներս կայունութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելը այսօր հայկական կողմի կարեւորագոյն խնդիրն է եւ առանց յոգնելու հայկական կողմը պիտի աշխատի այս խնդիրը լուծելու ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 10, 2019