ԲԱՆՏԸ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ ՊԱՆԴՈԿԻ

Ճաբոնի մէջ հնագոյն բանտը կը վերածուի շքեղ հիւրանոցի մը։ Այսպէս, Ճաբոնի հնագոյն բանտը շուտով կը վերակառուցուի ու կը վերածուի բարձրակարգ հիւրանոցի մը: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցած է News On Japan թերթը: Նարա պատմական բանտի վերակառուցման համար նախատեսուած է ծախսել շուրջ 136 միլիոն տոլար: Այդ շէնքին երկրաշարժներու նկատմամբ  դիմացկունութիւնը բարձրացնելու նպատակաւ կը կատարուին աշխատանքներ: 1908 թուականին աւարտած է շինարարութիւնը Նարա բանտին, որ միակ անձեռնմխելի մնացածն է այն հինգ բանտերէն, որոնք կառավարութեան կողմէ ստեղծուած են այն ժամանակ։

Հաստատութիւնը ծանօթ է կարեւոր մշակութային կեդրոն եւ կը դառնայ Ճաբոնի առաջին բանտը, որ պիտի վերափոխուի հիւրանոցի: Պատժական հաստատութիւնը գործած է մինչեւ 2017 թուականը, հոն արգելափակուած են անչափահաս իրաւախախտները: Կը նախատեսուի, որ հիւրանոցը այցելուներու համար բացուի 2021 թուականին: Բարձր առաստաղներով բանտախուցերը կ՚օգտագործուին որպէս սենեակներ հիւրերու համար, իսկ պահեստային յարկաբաժինները եւ պահապաններու սենեակները կը վերասարքաւորուին որպէս ճաշարաններ ու սրահներ: Հիւրանոցէն ներս մի քանի տասնեակ սենեակներ կ՚ըլլան հինգ շէնքերէն չորսին մէջ: Գիները առայժմ չեն հրապարակուիր, բայց հաւանաբար ըլլան 450-էն մինչեւ 725 տոլար, ինչ որ կը համապատասխանէ բարձրակարգ պանդոկներու ցուցանիշներուն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 10, 2019