ԻՐԼԱՆՏԱՑԻՆԵՐԸ ԼԱՒԱՏԵՍ…

Իրլանտացիները Եւրոպական Միութեան բոլոր բնակիչներէն աւելի առողջ կը զգան իրենք զիրենք։ Այսպէս, Իրլանտայի բնակիչներու ճնշող մեծամասնութիւնը՝ 83 տոկոսը, իր առողջութիւնը կը գնահատէ լաւ կամ շատ լաւ։ Հասարակական կարծիքի ուսումնասիրման «Եւրոպարոմեթր» եւրոպական գործակալութեան կողմէ կատարուած հարցախոյզի արդիւնքները ցոյց տուած են, որ իրլանտացիները Եւրոպական Միութեան մէջ հաւասարը չունին իրենց առողջութեան այսքան դրական ընկալման առումով։

Երկրորդ հորիզոնականը կը զբաղեցնեն կիպրացիները (78 տոկոս), յաջորդ հորիզոնականը բաժանած են Իտալիայի եւ Շուէտի բնակիչները (77 տոկոս): Ցուցակի եզրափակիչ կարգերը գրաւած են Լիթվայի եւ Լաթվիայի ներկայացուցիչները. պալթեան այս երկիրներուն մէջ հասարակութեան միայն 44 տոկոսը բաւարարուած է իր առողջական վիճակէն։

«Եւրոպարոմեթր»ի՝ վերջերս իրականացուցած ընկերային հարցախոյզի հիման վրայ կարելի է եզրակացնել, թէ իրլանտացիները Եւրոպական Միութեան առաւել լաւատեսօրէն տրամադրուած բնակիչներն են։ Եւրոպական Միութեան նկատմամբ դրական վերա-բերմունք կը յայտնեն անդամ երկիրներու շրջանակին մէջ ցուցանիշային թիւով քաղաքացիներ՝ 62 տոկոսը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 10, 2019