ԼԻԶՊՈՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Լիզպոնի մէջ ընդունուեցաւ Փորթուգալի նախագահ Մարսելօ Ռեպելօ տէ Սոզայի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին Մարսելօ Ռեպելօ տէ Սոզա ողջունեց իր հայ պաշտօնակցին այցելութիւնը Փորթուգալ։ Ընդգծելով երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու պատմամշակութային սերտ առընչութիւնները՝ Փորթուգալի նախագահը մեծագոյն ակնածանքով խօսեցաւ յայտնի գործարար ու բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ անոր անունով ստեղծուած հիմնարկի գործունէութեան մասին։ Իր կարգին, Արմէն Սարգսեանն ալ բարձր գնահատեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի մարդասիրական եւ մշակութային գործունէութիւնը։ Ան նշեց, որ այս հիմնարկը իւրատեսակ կամուրջ մըն է Հայաստան-Փորթուգալ յարաբերութիւններուն մէջ։

Երկու նախագահները կարծիքներ փոխանակեցին համագործակցութեան հաւանական ուղղութիւններու շուրջ։ Անոնք համակարծիք գտնուեցան, թէ երկու երկիրները յաջող գործընկերներ կրնան ըլլալ կրթութեան, գիտութեան, նորագոյն փորձագիտութիւններու բնագաւառներէն ներս։

Անդրադառնալով Փորթուգալի կողմէ տիեզերք արբանեակներ արձակելու կայանի կառուցման ծրագրին՝ Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ Հայաստան այս ոլորտին մէջ ունի մեծ գիտական ներուժ։ Որպէս համագործակցութեան հեռանկարային ուղղութիւն՝ զրուցակիցները առանձնացուցին նաեւ զբօսաշրջութեան ոլորտը։ Նշելով, որ Հայաստանէն աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կրնան այցելել Փորթուգալ եւ աւելի մեծ թիւով փորթուգալցիներ կրնան երթալ ու բացայայտել Հայաստանը՝ կողմերը կարեւորեցին երկու երկիրներու միջեւ օդային հաղորդակցութեան բարելաւման խնդիրը եւ հնարաւորութիւններու ուսումնասիրումը։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան հրաւիրեց Փորթուգալի նախագահը՝ պաշտօնական այցելութիւն կատարել Հայաստան։ Իր կարգին, Մարսելօ Ռեպելօ տէ Սոզան եւս Արէմն Սարգսեանը հրաւիրեց պաշտօնական այցելութիւն մը տալ Փորթուգալ։

Բաց աստի, Լիզպոնի մէջ Արմէն Սարգսեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Փորթուգալի Գիտութեան, փորձագիտութիւններու եւ բարձրագոյն կրթութեան նախարար Մանուէլ Հէյիթորի հետ։

Իսկ երէկ, նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Լիզպոնի կեդրոնը։ Այս առթիւ ան վերյիշեց տասնհինգ տարի առաջ կատարած այցելութիւնը եւ յայտնեց, որ միշտ ալ հաճելի է եւ հպարտութեան առիթ՝ վերադառնալ այդ վայրը։ Հիմնարկի վարչութեան նախագահ Իզապէլ Մոթա ներկայացուց հաստատութեան մարդասիրական եւ բարեսիրական լայնածաւալ գործունէութիւնը՝ մասնաւորապէս անդրադարձաւ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ իրականացուող ծրագրերուն։ Արմէն Սարգսեան կարեւորեց այս հիմնարկի հայանպաստ աշխատանքն ու մեծ ներդրումը հայապահպանութեան ու հայագիտութեան զարգացման գործին մէջ։ Նախագահը խօսեցաւ հիմնարկի կողմէ իրականացուող գիտահետազօտական ծրագրերու մասին՝ մասնաւորապէս յիշատակելով, որ կառոյցը տակաւին խորհրդային տարիներուն արդէն կ՚աջակցէր Մատենադարանին։

«Կը կարծեմ՝ լաւ գաղափար կ՚ըլլայ, եթէ հիմնադրամը դիտարկէ Մատենադարանը որպէս միջազգային նախագիծ։ Մատենադարանը իր հարուստ ֆոնտերով ու գիտական մասնագիտական հարուստ փորձառութիւնով կրնայ դառնալ հին ձեռագրերու պահպանման, վերականգնման, գնահատման, ինչպէս նաեւ մասնագէտներու վերապատրաստման տարածքաշրջանային ու միջազգային կեդրոն մը», ըսաւ Արմէն Սարգսեան՝ առաջարկելով դիտարկել այս ծրագիրը ու համատեղ քայլեր ձեռնարկել զայն կեանքի կոչելու նպատակով։ Հանրապետութեան նախագահը տեղեկացուց նաեւ, որ այս ծրագրի շուրջ քննարկումներ ունեցած է նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ։

Զրոյցի տեւողութեան Արմէն Սարգսեան «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ղեկավարութեան առաջարկեց ընդլայնել Հայաստանէ ներս իրականացուող ծրագրերը՝ մեծացնելով նաեւ հիմնադրամի շարունակական աջակցութենէն օգտուող ուսանողներու, գիտնականներու եւ հետազօտողներու թիւը։

Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ համատեղ գիտահետազօտական նախաձեռնութեամբ «Հորիզոն 2020» ծրագրին դիմելու հնարաւորութեան մասին։ Նկատի ունենալով, որ ներկայ տարին յոբելենական է՝ կը նշուի Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակը, նախագահ Արմէն Սարգսեան հիմնարկի տնօրէնին նուիրեց այս առթիւ թողարկուած նամականիշներու հաւաքածոն։

Արմէն Սարգսեան շրջայց մը կատարեց նաեւ հիմնարկի կեդրոնատեղիէն ներս բացուած՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի յոբելեանին ձօնուած ցուցահանդէսը։

Նոյն համալիրէն ներս Արմէն Սարգսեան այցելեց Գալուստ Կիւլպէնկեանի թանգարանը եւ շրջայց մը կատարեց ցուցասրահներուն մէջ։ Գալուստ Կիւլպէնկեան արուեստի մեծ սիրահար մըն էր եւ այդ թանգարանէն ներս ներկայացուած է իր հարուստ հաւաքածոն, որ կ՚ընդգրկէ նկարներ, քանդակներ, մետաղադրամներ, գիրքեր, կիրառական արուեստի նմոյշներ եւ այլն։

Միւս կողմէ, Արմէն Սարգսեան երէկ Լիզպոնի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Փորթուգալի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 10, 2019