ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ ԵՒ ԱՆԳԼԵՐԷՆՈՎ ԴԱՍԱՒԱՆԴՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգի Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ, հայաբնակ Փասատինայի մէջ կեանքի կը կոչուի անգլերէնով եւ հայերէնով դասաւանդման ծրագիր մը, որու համար արձանագրութիւնները սկսած են։ «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներով, Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանը կը տեղեկացնէ, թէ քաղաքին անգլերէնով եւ հայերէնով դասաւանդուող երկրորդական վարժարանի ծրագիրին արձանագրութիւնները սկսած են։ Ծրագիրը պիտի իրագործուի քաղաքին Պլեր վարժարանին մէջ։

Ներկայիս, Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանի վարժարանները յաճախող աշակերտները կրնան արձանագրուիլ մինչեւ 20 ապրիլ, իսկ անոնք, որոնք նախապէս Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանի վարժարանները չեն յաճախած, առիթը ունին արձանագրուելու մինչեւ 6 օգոստոս։

Յիշեցնենք, որ 26 մարտին, Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութիւնը, 3-ի դէմ 4 քուէներով հաստատեց անգլերէնով եւ հայերէնով դասաւանդուող երկրորդական վարժարանի ծրագիրը, որ քաղաքին մէջ առաջինը կը հանդիսանայ իր տեսակին մէջ։

Ծրագիրը պիտի սկսի գործադրուելու, եթէ արձանագրուին առնուազն 150 աշակերտներ, որոնք նախապէս Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանի վարժարանները չեն յաճախած։ Անիկա առաւելագոյնը 250 աշակերտներ պիտի կրնայ ընդունիլ։

Նախնական հանգրուանին ծրագրուած է չորս մակարդակի հայերէնի դասաւանդումներ կատարել, որմէ ետք պիտի աւելնան նաեւ հայոց գրականութեան, պատմութեան եւ մշակոյթի դասանիւթեր։

Արձանագրուելու համար այցելել www.pusd.us/Page/7799 կայքէջը։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2020