ԷՏԻՆՊՈՒՐԿԻ ԴՈՒՔՍ ԱՐՔԱՅԱԶՆ ՖԻԼԻՓ ՄԱՀԱՑԱՒ 99 ՏԱՐԵԿԱՆԻՆ

Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիի ամուսինը՝ Էտինպուրկի դուքս Ֆիլիփ երէկ կնքեց իր մահկանացուն 99 տարեկան հասակին։ Իշխան Ֆիլիփի կորուստը մեծ արձագանգ գտաւ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Արքայազն Ֆիլիփ, որ 1947 թուականին ամուսնացած էր Էլիզապէթ Բ. թագուհիին հետ, երէկ Ուինտսըրի ամրոցին մէջ աչքերը փակեց կեանքին։ Թագուհին եւ արքայազնը ունեցած էին չորս զաւակ, ութ թոռ եւ տասն ծոռ։ Պաքինկըմի պալատի աղբիւրները հաղորդեցին, որ իր ամուսնի մահուան բերումով Էլիզապէթ Բ. թագուհին ութ օր սուգի մէջ պիտի գտնուի։ Պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ մասնաւորապէս չեն մատնանշուած արքայազն Ֆիլիփի մահուան պատճառները։ Յառաջիկայ յունիսի 10-ին, այսինքն՝ երկու ամիս վերջ ան պիտի դառնար 100 տարեկան։

Ուինտսըրի ամրոցին մէջ երէկ առաւօտ կեանքէն խաղաղ ձեւով հեռացած արքայազն Ֆիլիփ Անգլիոյ պատմութեան մէջ միապետի ամենաերկարակեաց ամուսինը ըլլալու հանգամանքը կը կրէր։ Թագուհին եւ իշխանը 1947 թուականին ամուսնացած էին, երբ Էլիզապէթ Բ. ընդամէնը 21 տարեկան էր, իսկ արքայազնը արքունի նաւատորմի սպաներէն մին էր։ Իշխան Ֆիլիփ սերած էր յունական եւ դանիական արքունիքներէն։ Իր ամուսնութիւնով ան դարձած էր Էտինպուրկի դուքս արքայազն Ֆիլիփ։ Անգլիական մամուլը կը գրէ, որ Ֆիլիփ ուժեղ մարդ մըն էր, որ միշտ քայլ մը ետ կանգնած էր՝ որեւէ պահուն թագուհիին օգնութեան ձեռք երկարելու պատրաստակամութեամբ։ Յատկանշական է, որ թագուհին 1997 թուականին, իրենց ամուսնութեան յոբելեանին ժամանակ յայտնած էր. «Ան իմ ուժն ու կայունութիւնը եղած է այս ամբողջ տարիներու ընթացքին»։

2017 թուականին իշխան Ֆիլիփ թողած էր իր հասարակական գործունէութիւնը։ Անցեալ փետրուարին ան միջոց մը դարմանման տակ առնուած էր Լոնտոնի կեդրոնի «Էտուըրտ VII» մասնաւոր հիւանդանոցին մէջ, աւելի վերջ ալ սրտի վիրահատութեան մը ենթարկուած՝ Սուրբ Բարթողիմէոսի հիւանդանոցին մէջ։ Այդ բոլորէն վերջ ան դուրս եկած էր հիւանդանոցէն, սակայն, ըստ երեւոյթին, ընթացքին իրեն համար ցոյց տրուած խնամքը բաւարար չէր եղած, որպէսզի ան կարողանար յառաջացած տարիքի մէջ վերականգնել իր առողջապահութեան հաւասարակշռութիւնները։

Արքայազն Ֆիլիփի մահուան կապակցութեամբ ցաւակցականներ կը տեղան թէ՛ Անգլիոյ քաղաքական վերնախաւէն եւ թէ ամբողջ աշխարհէն։ Յառաջիկայ օրերուն Անգլիոյ խորհրդարանէն ներս մասնաւոր սգահանդէս մըն ալ նախատեսուած է՝ իշխան Ֆիլիփի մահուան կապակցութեամբ, անոր հրաժեշտէն առաջ։

Շաբաթ, Ապրիլ 10, 2021