ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ԵՐԷԿ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու ղեկավարները զրոյցի ընթացքին ի թիւս այլ հարցերու անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան բարձր գնահատեց Ռուսաստանի կողմէ ձեռնարկուած քայլերը՝ իրավիճակի ապագայ կայունացման ապահովման, հրադադարի համաձայնութեան շարունակական իրականացման ուղղութեամբ։ Վլատիմիր Փութին տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ վերջերս ունեցած շփումներու արդիւնքներուն կապակցութեամբ։ Երկուստեք կարծիք յայտնուեցաւ Հարաւային Կովկասէ ներս փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու վերականգնման աշխատանքներու աշխուժացման անհրաժեշտութեան մասին։

Մոսկուայի աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Փութին անդրադարձան նաեւ Սուրիոյ, Լիպիոյ իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ուքրայնոյ մէջ ստեղծուած կացութեան։ Փութին պնդեց, որ Քիեւ վտանգաւոր սադրանքներու կը դիմէ։

Մոսկուա-Քիեւ առանցքին վրայ ստեղծուած առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ, այսօր նախագահ Էրտողան կը հիւրընկալէ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։ Իսթանպուլի մէջ այսօր նախատեսուած է Թուրքիա-Ուքրայնա բարձրագոյն մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի իններորդ նիստը, որու բանակցութիւնները կը գլխաւորեն երկու երկիրներու նախագահները։ Նախատեսուած է նաեւ Էրտողանի եւ Զելենսքիի համատեղ մամլոյ ասուլիսը։ Թրքական զանազան աղբիւրներ տեղեկացուցած են, որ Զելենսքիի այցելութեան հիմնական նպատակն է խորացնել համագործակցութիւնը պաշտպանութեան ոլորտէ ներս։ Անցեալ տարեվերջին երկու երկիրներու միջեւ համաձայնագիր մը ստորագրուած էր՝ Թուրքիոյ մէջ արտադրուած անօդաչու թռչող սարքերու համատեղ արտադրութիւն իրականացնելու շուրջ։ Ուքրայնա աւելի առաջ ալ Թուրքիայէն արտածած եւ փորձարկած էր «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքեր։

Շաբաթ, Ապրիլ 10, 2021