ԻՆՔՆԱՏԻՊ ԿԵՐՊԱՐ

Ամերիկահայ յայտնի հասարակական գործիչ, գործարար եւ ազգային բարերար Հրայր Յովնանեանի մահը մեծ ցաւ ստեղծած է հայաշխարհէն ներս։ Երէկ, Հրայր Յովնանեանի կորստեան լուրը կայծակնային արագութեամբ տարածում գտաւ հայ իրականութեան մօտ՝ ստեղծելով մեծ ցաւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ցաւակցականներ հրապարակեցին Հրայր Յովնանեանի մահուան կապակցութեամբ։

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի ցաւակցականին մէջ նշուած է, որ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը կորսնցուցին իրենց լաւագոյն զաւակներէն մին. վախճանած է ամերիկահայ յայտնի բարերար, հասարակական գործիչ, գործարար Հրայր Յովնանեան։ «Մարդ, որ հայրենապաշտութեան եւ հայրենասիրութեան ինքնատիպ օրինակ էր։ Մարդ, որու համար Հայաստանը պարզ զգացումի հայրենիք չէր, այլ՝ անկեղծ նուիրումի եւ հաւատարմութեան նպատակակէտ, որուն ծառայեց մինչեւ իր կեանքի վերջը, ծառայեց բառի այդ ամենալայն իմաստով։

«Հրայր Յովնանեան մասնակիցն էր հայրենիքի՝ Հայաստանի եւ Արցախի շէնացման ուղղեալ ամենատարբեր ծրագիրներուն՝ թէ՛ որպէս անհատ, թէ՛ որպէս «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ եւ, անշուշտ, որպէս Ամերիկայի հայկական համագումարի հիմնադիրներէն մին եւ Հոգաբարձուներու խորհուրդի երկարամեայ համանախագահ, այնուհետեւ՝ Պատուոյ նախագահ։ Բախտ ունեցած եմ անձամբ ճանչնալու Հրայր Յովնանեանը եւ իր ընտանիքը. այնպէս, ինչպէս ան կը խօսէր, կը մտածէր Հայաստանի մասին, այնպէս, ինչպէս ան իր հնարաւորութիւնները ի սպաս կը դնէր ի շահ Հայաստանի ու Արցախի, տակաւին պէտք է կարողանալ ու տակաւին պէտք է ձգտիլ։ Մարդ, որ իր տեսակով հաւատարիմ էր իր ազգութեան ու ծագման, պատմական հայրենիքի մասին յիշողութեան ու հայրենիքի ապագայի մասին ծրագիրներուն։ Հաւատարիմ էր իր էութեամբ ու նկարագրով, հաւատարիմ էր իր գործով ու ապրած կեանքով։ Հաւատարիմ էր իր ընտանիքով եւ զաւակներով… Անկեղծ ցաւակցութիւններս ու վշտակցութեան խօսքս կը յղեմ Յովնանեան ընտանիքին եւ Յովնանեան գերդաստանին», նշուած է Արմէն Սարգսեանի հեռագրին մէջ։

Նիկոլ Փաշինեանն ալ ցաւակցական հեռագրին մէջ նշեց, որ խոր վշտով տեղեկացած է մեծանուն ձեռնարկատէր ու բարերար Հրայր Յովնանեանի մահուան։ «Անգնահատելի է պարոն Յովնանեանի դերը Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման եւ կառուցման գործին մէջ։ Ե՛ւ որպէս ձեռնարկատէր, ե՛ւ որպէս բարերար ան իր հայրենանուէր գործերով միշտ կը մնայ մեր ժողովուրդի վառ յիշողութիւններուն մէջ։ Պարոն Յովնանեանի ջանքերով իրականացուած են տասնեակ ծրագրեր, որոնք միտուած եղած են Աղէտի գօտիի վերականգնման, Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի կառուցման, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ստեղծման, մեր ժողովուրդի բազմաթիւ ընկերատնտեսական հիմնախնդիրներու լուծման, արտասահմանի մէջ Հայաստանի եւ Արցախի շահերու պաշտպանութեան։ Անուանի բարերարը ընդմիշտ կը մնայ որպէս հայ ժողովուրդի արժանի զաւակ, որու գործունէութիւնը միտուած եղած է հայրենիքի յառաջընթացին ու շէնացման։ Իմ խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեմ պարոն Յովնանեանի ընտանիքին, հարազատներուն, գործընկերներուն եւ ընդհանրապէս իւրաքանչիւր հայու։ Հանգչէ խաղաղութեամբ, մեծանուն բարերար», ըսուած է վարչապետի ցաւակցական հեռագրին մէջ։

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի ցաւակցական հեռագրին մէջ ալ նշուած է հետեւեալը. «Խոր ցաւով ընդունեցի ամերիկահայ ձեռնարկատէր, բարերար, հասարակական գործիչ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, Ամերիկայի հայկական համագումարի նախագահ Հրայր Յովնանեանի մահուան բօթը։ Հրայր Յովնանեան արժանիօրէն կը դասուէր հայ ժողովուրդի երախտաւորներու, անոր մեծանուն զաւակներու շարքին, որոնք անսահման սիրով ու հաւատով լեցուած իրենց պատմական հայրենիքին հանդէպ, կը փայփայէին մայր Հայաստանը աշխարհի հզօր ու զարգացած երկիրներու կողքին տեսնելու երազանքը եւ ամէն ինչ կ՚ընէին այդ մէկը իրականութիւն դարձնելու համար։

«Յովնանեանի անմիջական հովանաւորութեամբ ու գործօն մասնակցութեամբ Արցախի մէջ իրականացուած են կենսական նշանակութեամբ բազմաթիւ ծրագրեր, որոնց շնորհիւ լուծուած են կարեւորագոյն խնդիրներ կրթութեան, գիտութեան, առողջապահութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ։ Անգնահատելի է իր ներդրումը (…) Արցախի հիմնախնդրի արդար ներկայացման գործին մէջ։ Արցախի Հանրապետութեան բարօրութեան ուղղուած բացառիկ ծառայութիւններու համար Հրայր Յովնանեան արժանացած է պետական բարձր պարգեւներու։ Անդառնալի կորուստի այս ծանր պահուն Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի, իշխանութիւններու եւ անձամբ իմ անունով խորին ցաւակցութիւն ու զօրակցութիւն կը յայտնեմ հանգուցեալի հարազատներուն ու մերձաւորներուն, կը մաղթեմ տոկունութիւն ու ոգիի կորով։ Հրայր Յովնանեանի կեանքն ու գործը հայրենասիրութեան վառ օրինակ է, որ յաւերժ կը մնայ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ»։

Շաբաթ, Ապրիլ 10, 2021