ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Թեհրան, ընդունուեցաւ Իրանի Անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմէն Գրիգորեան Ալի Շամխանիի կողմէ հիւրընկալուեցաւ ընթրիքի սեղանի շուրջ։ Զրոյցի տեւողութեան կողմերը քննարկեցին տարածաշրջանէն ներս ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը։ Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Երեւան-Թեհրան յարաբերութիւններու օրակարգին եւ զարգացման հեռանկարներուն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2023