ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐ

14 մայիսին նախատեսուած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, երէկ, արդէն քաղաքական ուժերուն կողմէ թեկնածուական ցուցակները վերջնականօրէն ներկայացուեցան Բարձրագոյն ընտրական մարմնին։ Նախագահական թեկնածուները, ըստ էութեան, արդէն յայտնի են՝ քանի անհատական հիմունքի վրայ են։ Հիմնական թեկնածուները կը հանդիսանան Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու։ Խորհրդարանական ընտրութիւններու պարագային թեկնածուական ցուցակներն ալ երէկ ներկայացուեցան՝ ընտրութիւններուն մասնակցելիք կուսակցութիւններուն եւ դաշինքներուն կողմէ։ Այդ ցուցակներուն մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն մեր համայնքէն երկու դէմքեր։ Այսպէս, ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանի պարագային, 9-րդ կարգի վրայ թեկնածու առաջադրուած է տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, որ վերջին տարիներուն բեղուն քաղաքական գործունէութիւն կը ծաւալէր՝ ընտրուած ըլլալով ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական վարչական խորհուրդի անդամ։ Բաց աստի, ՃՀՓ-ի կողմէ ալ Իսթանպուլի Գ. ընտրաշրջանէն ներս, 23-րդ կարգի վրայ թեկնածու առաջադրուած է Մարգրիտ Տիքմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, Մարգրիտ Տիքմէ վերջին տասնամեակներուն կարեւոր աշխատանք ծաւալած է Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանէն ներս՝ մասնաւորապէս շրջան մը զբաղեցնելով նաեւ փոխ-քաղաքապետի պաշտօն։

Այսպէսով, յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մեր համայնքէն երկու թեկնածու ընտրուելու եւ երեսփոխան դառնալու հեռանկարը ունի։

Միւս կողմէ, այժմու խորհրդարանի միակ հայազգի երեսփոխանը՝ Կարօ Փայլան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, թէ յառաջիկայ շրջանին իր թեկնածութիւնը խնդրոյ առարկայ պիտի չըլլայ՝ քանի իր կուսակցութեան՝ ՀՏՓ-ի նախընթացներով արդէն երկու անգամէն աւելի անընդմէջ թեկնածու հանդիսանալ չէ նախատեսուած։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2023