Ապու Տապիի Մէջ բացումը կատարուեցաւ «Արա Խանոյեան» Վարժարանին

Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու Թե­մին կա­տա­րած իր հո­վուա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան ծի­րէն ներս, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը, Ա­պու Տա­պիի Սրբոց Նա­հա­տա­կաց ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մա­լի­րէն ներս, պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րեց «Ա­րա Խա­նո­յեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նին եւ «Սու­րէն Գո­ճա­քեան» սրա­հին։

Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին Մշա­կոյ­թի, ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ գի­տու­թեանց զար­գաց­ման նա­խա­րար Շէյխ Նա­հեան Պըն Մու­պա­րաք Ալ Նա­հեան, Թե­մի Կա­թո­ղի­կո­սա­կան Փո­խա­նորդ Տ. Մես­րոպ Վրդ. Սար­գի­սեան, հո­գե­ւո­րա­կան եւ պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեա­ներ, զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու դես­պան­ներ, ազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տու­ներ եւ ժո­ղո­վուր­դը։

Հան­դի­սու­թեան սկիզ­բին, ա­րա­բե­րէ­նով բա­րի գա­լուս­տի բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Տ. Մես­րոպ Վրդ. Սար­գի­սեան։ Ան իր խօս­քին ընդ­մէ­ջէն յա­նուն Թե­մի ժո­ղո­վա­կա­նու­թեանց եւ ժո­ղո­վուր­դին, իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին՝ թե­մին շնոր­հած այ­ցե­լու­թեան հա­մար, ինչ­պէս նաեւ ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց նա­խա­րա­րին՝ հան­դի­սու­թեան ան­ձամբ ներ­կայ գտնուե­լուն։

Ա­պա խօսք ա­ռաւ Շէյխ Նա­հեան Պըն Մու­պա­րաք Ալ Նա­հեան, որ գնա­հա­տան­քով խօ­սե­ցաւ Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դին ու­նե­ցած ներդ­րու­մին մա­սին եւ շնոր­հա­ւո­րեց հայ հա­մայն­քը՝ ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նին կա­ռուց­ման գծով։

Ա­ւար­տին՝ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ յի­շեց հան­գու­ցեալ Շէյխ Զա­յէտ Պըն Սուլ­թան Ալ Նա­հեա­նը, որ 1998 թուա­կա­նին խոս­տու­մը կա­տա­րած էր ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ա­նոր հա­մա­լի­րին հա­մար հող տրա­մադ­րե­լու, Շէյխ Խա­լի­ֆա Պըն Զա­յէտ Ալ Նա­հեա­նը, ո­րուն օ­րով տրա­մադ­րուե­ցաւ հո­ղա­տա­րած­քը, եւ գա­հա­ժա­ռանգ Շէյխ Մու­համ­մէտ Պըն Զա­յըտ Ալ Նա­հեա­նը, հայ հա­մայն­քին նկատ­մամբ իր ցու­ցա­բե­րած բա­րեա­ցա­կամ վե­րա­բեր­մուն­քին հա­մար։ Իր խօս­քին ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբու­թիւ­նը բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց Ա­րա Խա­նո­յեա­նը, ո­րուն բա­րե­րա­րու­թեամբ կա­ռու­ցուած էր Ա­պու Տա­պիի ազ­գայն վար­ժա­րա­նը եւ Սու­րէն Գո­ճա­քեա­նը՝ որ ստանձ­նած էր վար­ժա­րա­նի սրա­հին բա­րե­րա­րու­թիւ­նը։ Եզ­րա­կաց­նե­լով իր խօս­քը Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս ը­սաւ. «Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու Թե­մը ա­ռա­ւել ծաղ­կու­մի գոր­ծըն­թա­ցին մէջ է։ Դուք, ձեր նուի­րեալ ծա­ռա­յու­թեամբ ու ներդ­րու­մով, անց­նող քա­նի մը տա­րի­նե­րուն, կա­ռու­ցե­ցիք նոր ե­կե­ղե­ցի ու ա­ռաջ­նոր­դա­րան, եւ ան­սահ­ման ու­րա­խու­թիւն է մե­զի հա­մար, որ սա պա­հուն բա­ցու­մը կը կա­տա­րենք մեր նոր վար­ժա­րա­նին, որ գա­ղու­թի հայ մա­նուկ­նե­րուն եւ պա­տա­նի­նե­րուն հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նը պի­տի դառ­նայ։ Այն գա­ղու­թը, որ գմբէթ ու հայ­կա­կան վար­ժա­րան ու­նի, փայ­լուն ա­պա­գայ եւ գո­յա­տե­ւե­լու լու­սա­ւոր հո­րի­զոն­ներ ու­նի»։

Միւս կող­մէ, իր կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս «Սու­րէն Գո­ճա­քեան» սրա­հին մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ թե­մի հայր սուր­բին, հո­գե­ւոր հո­վի­ւին, Ա­պու Տա­պիի ազ­գա­յին ե­րես­փո­խան­նե­րուն, ազ­գա­յին վար­չու­թեան, նո­րա­կա­ռոյց ազ­գա­յին «Ա­րա Խա­նո­յեան» վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին, ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­կա­նու­թեան, տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բի եւ դպրաց դա­սու ան­դամ­նե­րուն ու յա­րա­կից մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Ան բարձր գնա­հա­տեց ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ հրա­ւի­րեց զա­նոնք, որ նոյն գի­տակ­ցու­թեամբ ու նուի­րու­մով շա­րու­նա­կեն ի­րենց ե­կե­ղե­ցա­նուէր ու ազ­գա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը։ Այս ա­ռի­թով Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ը­սաւ. «Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին շուրջ ձեր հա­մախմ­բուա­ծու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ձեր ներ­քին կազ­մա­կեր­պուա­ծու­թիւ­նը եւ զա­նա­զան ձե­ւե­րով գա­ղու­թի աշ­խա­տանք­նե­րուն ձեր բե­րած մաս­նակ­ցու­թիւ­նը պա­տե­հու­թիւ­նը պի­տի շնոր­հեն ձե­զի, որ ընդ­միշտ ծաղ­կուն գոր­ծու­նէու­թիւն եւ մնա­յուն վե­րելք ու­նե­նաք»։­

Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին ար­տա­սա­նած «Պահ­պա­նիչ»ով իր ա­ւար­տին հա­սաւ հան­դի­պու­մը։

Երեքշաբթի, Մայիս 10, 2016