ԸՆԹԱՑԻԿ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Լիզպոնէն «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնի տնօրէն Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Ծանօթ է, որ արդէն աւելի քան երեք տարիէ ի վեր Ռազմիկ Փանոսեան կը գտնուի այս պաշտօնին գլուխը եւ ապահոված է Սփիւռքի հայապահպանման հարցերուն դէմ պայքարելու տեսանկիւնէն կարեւոր հարթակ մը։ Ներկայ այցելութեան ընթացքին Ռազմիկ Փանոսեանին կ՚ընկերանայ Ժուաու Սաավետրա, որ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին մօտ կը համակարգէ հայ-թրքական երկխօսութեան վերաբերեալ ծրագրերը։
Երէկ Ռազմիկ Փանոսեանին հետ հաճելի զրոյց մը ունեցանք՝ Իսթանպուլի մէջ իր կեցութեան կապակցութեամբ։ Ան յայտնեց, որ իրենց գործընկերներուն հետ ընթացիկ քննարկումներու համար նախատեսած են ներկայ այցելութիւնը։ Ռազմիկ Փանոսեան եւ Ժուաու Սաավետրա այս օրերուն կը տեսակցին շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու եւ համալսարաններու պատասխանատուներուն հետ, որոնք ներգրաւուած են հայ-թրքական երկխօսութեան ուղղեալ ծրագրերու մէջ։ Բաց աստի, Ռազմիկ Փանոսեան կը տեսակցի համայնքային շրջանակներու հետ՝ այցելելով Պատրիարքարան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ու մէկտեղուելով մանաւանդ մեր մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ։
Երէկ, անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցինք Ռազմիկ Փանոսեանի հետ, որ ընդգծեց, թէ սփիւռքահայ վարժարաններու հետ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ձեռնարկած ծրագրերը ընդհանուր առմամբ ունին գոհացուցիչ արդիւնքներ ու կը խոստանան յուսադրիչ հեռանկարներ։ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը արեւմտահայերէնի պարագային գործնական արդիւնքներու հասնելու առաջադրութեամբ ձեռնամուխ եղած է զանազան նախագծերու, որոնց ներգրաւուած են նաեւ իսթանպուլահայ համայնքէն զանազան դէմքեր։
Ռազմիկ Փանոսեան Իսթանպուլի շփումները աւարտելէ վերջ պիտի ուղեւորուի դէպի Պէյրութ։
Երէկ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ աւանդական հանդիսաւոր արարողութիւններով նշուեցաւ Մայիսի 9-ի Յաղթանակի տօնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Մայիսի 9-ին կը նշուի Բ. Աշխարհամարտի վերջաւորութեան տարեդարձը։ Սա Հայաստանի մէջ կ՚անուանուի Հայրենական մեծ պատերազմի տարեդարձ, նկատի ունենալով, որ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն Խորհրդային Միութեան կազմի հանրապետութիւններու շարքին Հայաստան եղած է առաւելագոյն զոհեր տուած երկիրներու շարքին՝ իր բնակչութեան համեմատութեամբ։
Տասնամեակներ անց Մայիսի 9-ին զուգադիպած է նաեւ Արցախի գոյամարտին շրջագծով Շուշիի ազատագրումը հայոց կողմէ։ Ուստի, կրկնակ յաղթանակներու տարեդարձի վերածուած է Մայիսի 9-ը։ Նկատի ունենալով, որ անցեալ ամիս Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ ապրուեցան լայնածաւալ գործողութիւններ եւ ամբողջ հայ աշխարհի ուշադրութիւնը հերթական անգամ կեդրոնացաւ Արցախի վրայ, այս տարուան Մայիսի 9-ի տօնակատարութիւններու մթնոլորտն ալ պայմանաւորուեցաւ ներկայ իրավիճակով։
Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի մէջ երէկուան տօնակատարութիւնները կազմակերպուեցան ամենաբարձր մակարդակով, ժողովուրդի լայն ու խանդավառ մասնակցութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Երեւանի մէջ «Մայր Հայաստան» յուշահամալիրին մօտ մատուցին իրենց յարգանքի տուրքը նահատակներու յիշատակին համար։ Պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր եւ բարձրաստիճան եկեղեցականներ ալ անոնց հետ էին արարողութեան ընթացքին։ Երեւանի մէջ «Եռաբլուր» նահատակաց պանթէոնին մէջ եւս Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն մը։
Արցախի մէջ ալ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան մասնակցեցան տօնակատարութիւններուն։ Ստեփանակերտի Նահատակաց յուշահամալիրին մօտ տեղի ունեցան ոգեկոչման արարողութիւններ։ Բնականաբար, Յաղթանակի տարեդարձին առթիւ Շուշիի մէջ եւս տեղի ունեցան արարողութիւններ։