ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ե­րե­ւա­նի «Ա­ռա­ւօտ» օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րամ Աբ­րա­հա­մեան այ­սօ­րուան իր խմբագ­րա­կա­նի սիւ­նա­կին մէջ գրած է հե­տե­ւա­լը։ Կ՚ար­տատ­պենք ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րա­ծե­լով, ո­րոշ յա­պա­ւում­նե­րով։

Այս օ­րե­րուն նո­րոյթ են Հա­յաս­տա­նի եւ Իս­րա­յէ­լի բաղ­դա­տու­թիւն­նե­րը։ Բա­ցար­ձա­կաց­նել նմա­նու­թիւն­նե­րը նոյն­քան սխալ է, որ­քան հրա­ժա­րիլ ո­րե­ւէ զու­գա­հե­ռա­կա­նէ։ Մենք, ի հար­կէ, շատ տար­բեր ենք. մաս­նա­ւո­րա­պէս, պե­տու­թիւն­նե­րը ստեղ­ծուած են բա­ցար­ձա­կա­պէս տար­բեր հան­գա­մանք­նե­րու մէջ։ Մենք ու­նինք ռու­սա­կան, իսկ այ­նու­հե­տեւ՝ խորհր­դա­յին կայս­րու­թեան մէջ ապ­րե­լու եր­կա­րա­տեւ պատ­մու­թիւն, ինչ որ բա­ցա­սա­բար անդ­րա­դար­ձած է մեր պե­տա­կան մտա­ծե­լա­կեր­պին վրայ։ Իս­րա­յէ­լա­ցի­նե­րը այդ բեռ­նէն ա­զատ են, ա­նոնք պե­տու­թիւն ստեղ­ծած են զե­րո­յէն։ Ի հար­կէ, պէտք է նաեւ ըն­դու­նիլ, որ զար­գա­ցած եր­կիր­նե­րուն մէջ, ա­ռա­ջին հեր­թին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, պե­տա­կան ո­րո­շում ըն­դու­նող­նե­րու շար­քե­րուն հա­յեր չկան, իսկ հրեա­նե­րը շատ են։

Սա չի նշա­նա­կեր, որ մենք Իս­րա­յէ­լէն ըն­դօ­րի­նա­կե­լու բան չու­նինք։ Նախ եւ ա­ռաջ, ի հար­կէ, «ոչ-բա­րեա­ցա­կամ» շրջա­պա­տի մէջ գտնուող պե­տու­թեան կա­ռա­վար­ման ա­րեւմ­տեան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան մո­տել­նե­րու ներդ­րու­մը՝ օ­րի­նա­կան, բնակ­չու­թեան վստա­հու­թիւ­նը վա­յե­լող իշ­խա­նու­թեան ձե­ւա­ւո­րու­մը։ Մենք բո­լորս, իշ­խա­նու­թիւ­նը, ընդ­դի­մու­թիւ­նը, քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը, հա­սա­րա­կու­թիւ­նը պէտք է հասկ­նանք, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րու կեղ­ծու­մը քա­նի մը տաս­նեակ «Սմերչ»ներ (Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Հա­յաս­տա­նի դէմ օգ­տա­գոր­ծուող ծանր զի­նա­տե­սակ­նե­րէն մին) են, ո­րոնք 21 տա­րիէ ի վեր կը կրա­կեն մեր պե­տու­թեան վրայ։ Ես կը զար­մա­նամ, որ մեր դղեա­կա­տէ­րե­րուն մօտ կը բա­ցա­կա­յի ինք­նա­պահ­պան­ման տար­րա­կան բնազ­դը, մի­թէ ա­նոնք կը կար­ծե՞ն, որ թշնա­մին պի­տի խնա­յէ ի­րենք կամ ի­րենց դղեակ­նե­րը։

Երկ­րոր­դը՝ կա­շա­ռա­կե­րու­թեան դէմ պայ­քարն է։ Այն­պէս չէ, որ Իս­րա­յէ­լի մէջ այդ ե­րե­ւոյ­թը չկայ։ Սա­կայն երբ շարք մը բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեա­ներ դա­տուե­ցան կա­շա­ռա­կե­րու­թեան հա­մար, այդ ա­րա­տը զգա­լիօ­րէն նա­հան­ջեց։ Ար­դէն ա­ռիթ ու­նե­ցած եմ գրե­լու, որ ԱՄՆ տա­րե­կան 10 մի­լիառ տո­լար կու տայ Իս­րա­յէ­լին, մե­զի ալ կու տայ (սկիզ­բին ա­ւե­լի քիչ), ե­թէ գո­ղու­թիւ­նը վե­րաց­նենք։

Եր­րոր­դը՝ հա­սա­րա­կու­թեան մշտա­կան շարժ­ման ան­ցուիլն է, ինչ որ եր­կա­րա­տեւ (տաս­նա­մեակ­նե­րու) յա­ջող դի­մադ­րու­թեան հիմքն է։ Իս­րա­յէ­լա­ցի­նե­րը գի­տեն, որ ի­րենց երկ­րի սահ­մա­նին վրայ ո­րե­ւէ տեղ ա­մէն պահ կրնան սկսիլ աշ­խոյժ մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ու պատ­րաստ են հզօր հա­կա­հա­րուած տա­լու։ Այդ բո­լո­րը չեն խան­գա­րեր, որ­պէս­զի այդ երկ­րին մէջ գի­տու­թիւ­նը զար­գա­նայ (նախ եւ ա­ռաջ, ի հար­կէ, ռազ­մաար­դիւ­նա­բե­րա­կան հա­մա­լի­րի հետ կա­պուած), զար­գա­նան կրթու­թիւ­նը, ա­ռող­ջա­պա­հու­թիւ­նը, մշա­կոյ­թը, զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը՝ այն աս­տի­ճան, որ աշ­խար­հի զա­նա­զան ծայ­րե­րեն այն­տեղ կ՚եր­թան բու­ժուե­լու, հանգս­տա­նա­լու եւ տե­սար­ժան վայ­րեր տես­նե­լու։

(…)

Հա­յաս­տա­նը Իս­րա­յէլ չի դառ­նար, եւ պէտք ալ չէ։ Պար­զա­պէս մենք այդ երկ­րէն սոր­վե­լու շատ բան ու­նինք։ Իսկ ո՞վ ը­սաւ, որ մենք ըն­դօ­րի­նա­կե­լու բան չու­նինք Եւ­րո­պա­յէն, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Ռու­սաս­տա­նէն, Հնդկաս­տա­նէն, Չի­նաս­տա­նէն, Ի­րա­նէն, նոյ­նիսկ Թուր­քիա­յէն։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 10, 2016