ԻՑՀԱՔ ՌԱՊԻՆ ԿԱՄ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ ԵՐԱԶԸ

«Ես 30743 հա­մա­րը կրող իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կի նախ­կին զօ­րա­վարս այ­սօր ան­դամ դար­ձայ խա­ղա­ղու­թեան հա­մար պայ­քա­րող մեծ բա­նա­կին»։ Այս խօս­քե­րով Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու գոնկ­րէ­սին առ­ջեւ հան­դէս ե­կած Իս­րա­յէ­լի հին­գե­րորդ վար­չա­պե­տը՝ Ից­հաք Ռա­պին կը սպան­նո­ւէր 4 Նո­յեմ­բեր 1995 թո­ւա­կա­նին:

1987 թո­ւա­կա­նին՝ երբ իր լրու­մին կը հաս­նէր Իս­րա­յէ­լի կող­մէ պա­ղես­տի­նեան հո­ղե­րու գրաւ­ման քսա­նե­րորդ տա­րին եւ «Պա­ղես­տի­նի ա­զա­տագ­րու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թիւն»ը (PLO) կը դառ­նար  պա­ղես­տի­նեան ու­ժե­րու հիմ­նա­կան կազ­մա­կեր­պիչ ու զայն ա­ռաջ­նոր­դող Ռա­պին հա­կազ­դե­լով պա­ղես­տի­նեան կող­մի յայ­տա­րա­րու­թեանց կ՚ը­սէր. «Մենք ա­մէն կերպ կը մեր­ժենք իս­րա­յէ­լեան հո­ղե­րուն վրայ պա­ղես­տի­նեան պե­տու­թիւն մը կա­ռու­ցե­լու մա­սին բո­լոր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը: Մենք եր­բեք պի­տի չըն­դու­նինք այդ  ծրա­գիր­նե­րը եւ մե­զի հա­մար մի­ջագ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ ըն­դու­նած եւ ազ­գա­յին ինք­նաս­պա­նու­թեան հա­մա­զօր ծրա­գիր­նե­րը կտրա­կա­նա­պէս մեր­ժե­լի են»:

Ե­րեք խո­շոր պա­տե­րազմ­նե­րու ա­կա­նա­տես ե­ղած եւ եր­կու­քին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած Ռա­պին տա­րի­ներ անց կը փո­խէր իր կե­ցո­ւածք­նե­րը եւ ռազ­մե­րէ ու մա­քա­ռում­նե­րէ ան­ցած Իս­րա­յէ­լի այդ օ­րե­րու թիւ մէկ գոր­ծի­չը կը հա­մո­զո­ւէր, որ ան­կա­րե­լի է շրջա­նին մէջ ապ­րիլ ա­ռանց խա­ղա­ղու­թեան հա­մար կեր­տո­ւած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու:

Մո­սա­տի նախ­կին ղե­կա­վար­նե­րէն Զը­վի Զա­միր (Մո­սա­տը ղե­կա­վա­րած 1968-1974 ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին) Ռա­պի­նի պա­ղես­տին­ցի­նե­րուն հետ խա­ղա­ղու­թիւն կեր­տե­լու մա­սին ու­նե­ցած կե­ցո­ւածք­նե­րուն մա­սին խօ­սե­լով կ­­՚ը­սէ. «Ա­մե­նէն շատ Ռա­պի­նի վրայ մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած է պա­ղես­տին­ցի­նե­րու «Քա­րե­րու յե­ղա­փո­խու­թիւն»ը (ա­րա­բե­րէ­նով՝ Ին­թի­ֆան­տա), ինչ որ մեծ դաս մըն էր բո­լո­րիս հա­մար: Ռա­պին չէր խոր­հեր, որ սկիզբ ա­ռած յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը եր­կար կեանք պի­տի ու­նե­նար եւ չէր նկա­տած, որ այդ շար­ժու­մը խոր­քա­յին ար­մատ­ներ ու­նի»:

1992 թո­ւա­կա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ա­ռաջ Ռա­պին կը յայ­տա­րա­րէր, որ ա­մէն գնով պի­տի փոր­ձէ խա­ղա­ղու­թեան հաս­նիլ պա­ղես­տինց­ի­նե­րուն հետ: Բա­ցի տնտե­սա­կան խնդիր­նե­րուն կա­րե­ւո­րու­թիւն տա­լէ, ան նկա­տել կու տար, որ իր կող­մին հա­մար կա­րե­ւո­րա­գոյն օ­րա­կար­գը պի­տի ըլ­լայ շրջա­նին մէջ խա­ղա­ղու­թեան նոր հիմ­քեր նե­տե­լը՝ հա­ւաս­տե­լով, որ բո­լոր խնդիր­նե­րը պէտք է լու­ծո­ւին բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ ճա­նա­պարհ­նե­րով:

Ռա­պի­նի սպան­ու­թեան քսա­նե­րորդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ հրա­պա­րակ հա­նո­ւած «Ռա­պին ...վեր­ջին օ­րը» տե­սա­ֆիլ­մի իս­րա­յէ­լա­ցի բե­մադ­րիչ Ա­մուս Ժի­թա­յի կար­ծի­քով՝ Իս­րա­յէ­լի վա­րչա­պե­տին դէմ ար­ձա­կո­ւած ե­րեք փամ­փուշ­տե­րը պի­տի փո­խէին ամ­բողջ ի­րա­վի­ճա­կը Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ: Բե­մադ­րի­չը իր պատ­րաս­տած ժա­պա­ւէ­նով փոր­ձած է ներ­կա­յաց­նել վար­չա­պե­տին սպան­ու­թեան նա­խօ­րէին Իս­րա­յէ­լի մէջ ա­նոր դէմ ե­ղած ա­տե­լա­վառ ընդ­հա­նուր մթնո­լոր­տը: Ռա­պի­նի վեր­ջին շրջա­նի կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծա­կից­նե­րէն մին՝ նա­խա­րար Ից­հաք Շա­միր, որ ժա­պա­ւէ­նին մէջ խօսք առ­նե­լով յայտ­նած է. «Ե­թէ Ռա­պին ողջ մնար, մենք այ­սօր տար­բեր Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մը ա­կա­նա­տե­սը պի­տի դառ­նա­յինք»:

Իս­րա­յէ­լա­ցի մէ­կէ ա­ւե­լի քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան­նե­րու կար­ծի­քով՝ Կոլ­տա Մա­յէ­րէն եւ Մո­շէ Տա­յա­նէն ետք Ռա­պին կը հա­մա­րո­ւի Իս­րա­յէ­լի քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար­նե­րուն ա­մե­նէն վա­ւե­րա­կան դէմ­քե­րէն մին: Զինք շրջա­պա­տող եր­կիր­նե­րուն վրայ զի­նո­ւո­րա­կան հզօր ա­ռա­ւե­լու­թեամբ յո­խոր­տա­ցող պե­տու­թեան մը գլու­խը ե­ղող ղե­կա­վա­րին հա­մար շատ ա­ւե­լի հեշտ է ա­րագ վճիռ­ներ կա­յաց­նել եւ «հա­ւա­տալ» զի­նո­ւո­րա­կան ծանր ընտ­րանք­նե­րու յա­ջո­ղու­թեան: Նոյն հան­գա­մանք­նե­րով գոր­ծած է ին­ք՝ Ռա­պին, մին­չեւ անդ­րա­դառ­նա­լը, որ ան­զէն մար­դոց ա­րիւն­հե­ղու­մը չի կրնար խնդիր­նե­րուն ա­րմա­տա­կան լու­ծում­ներ տալ:

Ռա­պի­նի հա­մար հիմ­նա­կան բա­նա­ձե­ւը Իս­րա­յէ­լի բնակ­չու­թեան անվ­տա­ն­­գու­թեան պահ­պա­նումն էր: Սպան­ու­թե­նէն րո­պէ­ներ ա­ռաջ, իր ար­տա­սա­նած խօս­քին ըն­թա­ցքին ան կը խօ­սէր նիւ­թա­կան այն մեծ գու­մար­նե­րուն մա­սին, ո­րոնց­մով կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար պահ­պա­նել իս­րա­յէ­լա­ցի ժո­ղո­վուր­դին ա­զատ տե­ղա­շար­ժը եւ ա­պա­հո­վու­թիւ­նը: Ան լաւ հասկ­նա­լով ընդ­հա­նուր դրու­թիւ­նը, կա­րե­ւո­րա­գոյն հիմ­քեր կը ներ­կա­յաց­նէր բա­ցատ­րե­լու եւ ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար Պա­ղես­տի­նի ղե­կա­վար Եա­սէր Ա­րա­ֆա­թի հետ իր ձեռ­նո­ւե­լու տե­սա­րա­նը: Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հի ա­ջակ­ցու­թեամբ Օս­լո­յի մէջ կեր­տո­ւած եւ 1993 թո­ւա­կա­նին Սպի­տակ տան պար­տէ­զին մէջ կնքո­ւած հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը շատ ծանր բեռ կը դառ­նար խա­ղա­ղու­թեան այս զի­նո­ւո­րին ու այդ տե­սա­րա­նէն մէջ­տեղ ե­կած ար­ձա­գանգ­նե­րուն հե­տե­ւան­քով խա­ղա­ղա­սէր դար­ձած Ռա­պին կը սպան­նո­ւէր Թէլ Ա­ւի­ւի «Իս­րա­յէ­լի հրա­պա­րակ»ին վրայ:

Եր­կու ան­գամ Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պետ դար­ձած Ռա­պին կա­րե­ւո­րա­գոյն դեր ու­նե­ցած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ Օս­լո­յի մէջ ի­րա­կա­նա­ցած (1993) բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն: Օս­լո­յէն կը բխէր խա­ղա­ղու­թեան վա­ւե­րա­թուղթ մը, ուր ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Եա­սէր Ա­րա­ֆա­թի ա­ռաջ­նոր­դած պա­ղես­տի­նեան գրե­թէ բո­լոր խմբա­ւո­րում­նե­րը կը ճանչ­նա­յին Իս­րա­յէլ պե­տու­թեան գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը: Նոյ­նը կ­­՚ը­նէր նաեւ իս­րա­յէ­լեան կող­մը: Պա­ղես­տի­նեան խնդրին հե­տե­ւող դէ­տե­րուն հա­մար Ռա­պի­նի կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կը դառ­նար պատ­մա­կան հնչե­ղու­թիւն ու­նե­ցող խօսք: Ան Սպի­տակ տան մէջ կա­տա­րո­ւած հա­մա­ձայ­նու­թեան ըն­թաց­քին իր ար­տա­սա­նած ճա­ռին մէջ կ­­՚ը­սէր. «Ին­ծի հա­մար, որ­պէս իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կի նախ­կին զի­նո­ւոր ու ա­նոնց հա­մար, որ այ­սօր պատ­կե­րաս­փիւ­ռէն կը հե­տե­ւին այս հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան, շատ դժո­ւար է տես­նել այս տե­սա­րա­նը: Մենք մեր հա­րա­զատ­նե­րէն եւ բա­րե­կամ­նե­րէն շա­տեր կորսն­ցու­ցինք այդ ա­րեան մէջ: Ու այ­սօր բո­լո­րին առ­ջեւ կը խոս­տո­վա­նինք, որ ժա­մա­նա­կը ե­կած է, որ ո՛չ ը­սենք ա­րեան եւ ո՛չ ը­սենք ար­ցուն­քին»:

Կնքո­ւած հա­մա­ձայ­նագ­րէն տա­րի մը անց Ռա­պին Իս­րա­յէ­լի այդ շրջա­նի նա­խա­գահ Շի­մոն Փե­րէ­զի եւ Պա­ղես­տին­ի ղե­կա­վար ու ա­պա ա­ռա­ջին նա­խա­գահ Եա­սէր Ա­րա­ֆա­թի հետ կը բաժ­նեկ­ցէր Նո­պէ­լեան խա­ղա­ղու­թեան մրցա­նա­կը, ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան հա­կա­մար­տու­թեան լուծ­ման հա­մար իր ու­նե­ցած կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թեան հա­մար:

Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ 1922 թո­ւա­կա­նին ծնած Ռա­պին որ­դին ե­ղած է Ուք­րայ­նա­յէն Իս­րա­յէլ ներ­գաղ­թած Նե­հեմ­յա Ռու­պի­ցով ա­նու­նով հրեա­յի մը, որ Եւ­րո­պա­յէն դէ­պի Իս­րա­յէլ կը ներ­գաղ­թէր «եր­րորդ տուն­դարձ»ի ըն­թաց­քին։ Third Aliyah ա­նու­նով ծա­նօթ իս­րա­յէ­լա­ցի­նե­րու «տուն­դարձ»ի օ­րե­րուն: Տաս­նութ տա­րե­կա­նին կորսնց­նե­լով իր հայ­րը, ան կը մեկ­նի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ: Ա­ւե­լի ուշ ե­րի­տա­սարդ Ռա­պին կը միա­նայ իս­րա­յէ­լեան Jewish Legion կազ­մա­կեր­պու­թեան եւ կա­մա­ւո­րա­կան աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րե­լու նպա­տա­կով կը վե­րա­դառ­նայ Պա­ղես­տին: Իս­րա­յէ­լա­ցի գոր­ծի­չին կազ­մա­ւոր­ման ըն­թաց­քին վրայ մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած է ա­նոր մայ­րը՝ Ռո­զա Քո­հէն, որ ե­ղած է դուստ­րը՝ սիո­նա­կան շար­ժու­մին ան­դա­մակ­ցած խա­խա­մի մը: Ռա­պին իր ու­սու­մը կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ եւ Ա­մե­րի­կա­յի հրէա­կան տար­բեր շրջա­նակ­նե­րու փա­փա­քով 1968 թուա­կա­նին կը նշա­նա­կուի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մօտ Իս­րա­յէ­լի ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան: 1973 թուա­կա­նին ան կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն կ­­՚ու­նե­նայ Եոմ Քի­փուր պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին, ա­մե­րի­կեան մաս­նա­ւո­րա­պէս «Էֆ-4» տի­պի կոր­ծա­նիչ­ներ Իս­րա­յէլ փո­խադ­րե­լու գոր­ծին մէջ: Պա­տե­րազ­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք հան­րու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ Կոլ­տա Մայ­է­րի հրա­ժա­րա­կա­նը: Տե­ղի կ­­՚ու­նե­նան ար­տա­կարգ ընտ­րու­թիւն­ներ ու հա­մո­զիչ յաղ­թա­նակ տա­նե­լէ ետք 1974 թուա­կա­նին ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կը զբա­ղեց­նէ Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նը: Ան­կէ ետք է նաեւ, որ կը գլխա­ւո­րէ Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը՝ շու­քի մէջ ձգե­լով իր կա­րե­ւո­րա­գոյն մրցա­կից հա­մա­րուող ­Շի­մոն Փե­րէ­զը: Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կող­մէ ի­րեն փո­խան­ցուած գու­մար­նե­րու թե­ման տար­բեր հա­շիւ­նե­րով կը չա­րա­շա­հուի եւ կը դառ­նայ սքան­տալ, այ­նու­հե­տեւ 1977 թուա­կա­նին Ռա­պին կը ստի­պուի լքել կու­սակ­ցա­պե­տի եւ վար­չա­պե­տի իր պաշ­տօն­նե­րը: Ան վար­չա­պե­տի իր պաշ­տօ­նէն հրա­ժա­րե­լէ ետք ան­գամ կա­րե­ւոր դեր կը կա­տա­րէ ամ­րագ­րե­լու Ե­գիպ­տո­սի հետ կնքուած Սի­նա­յի հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, որ կը հա­մա­րուի ա­ւե­լի ուշ 1978 թուա­կա­նին կնքուած «Քէմփ Տէյ­վիտ»ի հա­մա­ձայ­նու­թեան նա­խաս­կիզ­բը: Ե­գիպ­տո­սի նախ­կին իշ­խա­նա­զուրկ ե­ղած նա­խա­գահ Հիւս­նիւ Միւ­պա­րէք, որ ներ­կայ ե­ղած է Ից­հաք Ռա­պի­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան, խօսք մը ար­տա­սա­նե­լով ը­սած է. «Ռա­պին խա­ղա­ղու­թեան հե­րոս է ու մենք պէտք է շա­րու­նա­կենք իր բա­ցած խա­ղա­ղու­թեան ճամ­բան, ո­րով­հե­տեւ այդ խա­ղա­ղու­թիւ­նը թանկ է ամ­բողջ աշ­խար­հին հա­մար: Ան ե­րազ ու­նէր, եւ այդ ե­րա­զը տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ ապ­րող բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ի­րենց տա­ռա­պանք­նե­րէն դուրս բե­րելն էր: Ռա­պին ի­րեն հան­դէպ ե­ղած վստա­հու­թեան եւ յար­գան­քին շնոր­հիւ յա­ջո­ղե­ցաւ խա­ղա­ղու­թեան հե­րոս մը դառ­նալ»:

Ռա­պի­նի սպա­նու­թե­նէն ան­ցած են քսան­մէկ տա­րի­ներ: Պա­ղես­տի­նեան խնդի­րը կը շա­րու­նա­կէ մնալ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կո­կոր­դին մէջ խրուած դա­նակ: Ա­տե­լու­թեան մթնո­լոր­տը այ­սօր հա­սած է այն­պի­սի աս­տի­ճան­նե­րու, որ պա­ղես­տին­ցի­ներ պատ­րաստ են ի­րենց բո­ղո­քը ար­տա­յայ­տե­լու հա­մար վա­զել կեն­դա­նի զէն­քի առ­ջեւ: Ա­մէն շա­բաթ տաս­նեակ զո­հեր կ­­՚իյ­նան եր­կու կող­մե­րէն: Ռա­պի­նի խա­ղա­ղու­թիւն կեր­տե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քը այ­սօր եւս կը մնայ ան­յե­տաձ­գե­լի: Եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մէջ ե­թէ կան Ի­կալ Ա­մի­րի (Ռա­պի­նը սպան­նող ծայ­րա­յե­ղա­կա­նը) նման ա­րիւ­նա­խում ոճ­րա­գործ­ներ, ա­պա նոյն­պէս պէտք է հա­ւա­տալ, որ կան նաեւ Ից­հաք Ռա­պի­նի նման խա­ղա­ղու­թեան հա­մար մեռ­նե­լու պատ­րաստ ա­ռաջ­նորդ­ներ: Ռա­պի­նի պատ­գա­մը մէկ էր՝ բա­նալ բո­լոր ճա­նա­պարհ­նե­րը հաս­նե­լու հա­մար ար­դար խա­ղա­ղու­թեան:

Այս տուեալ­նե­րէն ան­դին կա­րե­ւոր հար­ցում կը ծա­գի բո­լո­րին մօտ, թէ ար­դեօք Ից­հաք Ռա­պին Իս­րա­յէ­լի խա­ղա­ղու­թեան վեր­ջին ե­րազն էր, որ ե­րեք փամ­փուշտ­ներ ստա­նա­լէ ետք մա­հա­ցաւ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

 Ե­րե­ւան

Երեքշաբթի, Մայիս 10, 2016