ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ

Ար­ցա­խի մէջ ե­րէկ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս նշուե­ցաւ Շու­շիի ա­զա­տագր­ման 25-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը։ Ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան, Ստե­փա­նա­կեր­տի Վե­րած­նուն­դի հրա­պա­րա­կին վրայ, տե­ղի ու­նե­ցաւ Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի զի­նուո­րա­կան­նե­րու հան­դի­սա­ւոր քայ­լեր­թը։ Ա­պա պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րը եւ ժո­ղո­վուր­դը ուղ­ղուե­ցան Ս­­տե­փա­նա­կեր­տի յու­շա­հա­մա­լիր-պան­թէոն, ուր Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի հանրա­պե­տու­թիւն­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րը՝ Սերժ Սար­գե­սան եւ Բա­կօ Սա­հա­կեան ծաղ­կեպ­ը-սակ­ներ զե­տե­ղե­ցին Մեծ Հայ­րե­նա­կան­ին զոհ­ուած­ներ­ու յի­շա­տակ­ը յաւ­եր­ժաց­նող յու­շար­ձան­ին եւ Ար­ցա­խի ա­զա­տա­մար­տի նա­հա­տակն­եր­ու շիր­իմն­եր­ուն:

Ներ­կայ էին նա­եւ Հայ Ա­ռաք­ե­լա­կան Ե­կեղ­եցւ­ոյ Ար­ցախ­ի Թեմ­ի Ա­ռաջն­որդ Տ. Պար­գեւ Ար­ք. Մարտ­իր­ոս­եան, Ար­ցախ­ի երկր­որդ նա­խա­գահ Ար­գա­տի Ղու­կա­սեան, Ար­ցախ­ի եւ Հա­յաս­տան­ի Ազ­գա­յին ժող­ով­նե­րու նա­խա­գահն­ե­րը՝ Ա­շոտ Ղուլ­եան եւ Գալ­ուստ Սա­հա­կեան, Ար­ցա­խի Վար­չա­պետ Ա­րայ­իկ Յա­ր­ութ­իւն­եան, Ար­ցախ­ի եւ Հա­յաս­տան­ի բարձ­­րաստ­ի­ճան պաշտ­օն­եա­ներ, Սփիւռք­էն եւ ար­տերկ­րէն ժա­մա­նած հիւր­եր։

Այ­նուհ­ետ­եւ տեղ­ի ուն­ե­ցաւ Պաշտ­պա­նու­թ­եան բա­նակ­ի պատ­ու­ոյ պա­հա­կա­խում­բի հան­դի­սա­ւոր քայլ­երթ­ը:

Պե­տա­կան այ­րեր­ը բարձ­րա­ցան Շ­­ու­շի, ուր նախ ծաղ­իկն­եր դրին Հրա­սայլ-յու­շար­ձան­ի պատ­ուան­դա­նին եւ սպա­րապ­ետ Վազգ­էն Սարգս­եա­նի յու­շար­ձան­ին վրայ:

Հայ­կա­կան երկ­ու հան­րա­պետ­ութ­իւն­ներ­ու ղե­կա­վարն­եր­ը ներ­կայ գտն­­ու­ե­ցան «Ա­րու­եստն­եր­ու եւ ար­հեստն­եր­ու քա­ղաք» ցու­ցա­հան­դէս-տօ­նա­վա­ճա­ռին եւ դի­տեց­ին Շուշ­ի քա­ղա­քի Վազգ­էն Սարգս­եա­նի հրա­պա­րակ­ին վրայ կազ­մա­կերպ­ուած տ­­օ­նա­կան համ­երգ­ը:

Ստե­փա­նակ­երտ­ի Վե­րած­նուն­դի հրա­պա­րա­կին եւ ա­նոր յա­րա­կից տա­րած­քին վրայ, ե­րէկ ա­ռաւ­օտ, կազ­մա­կերպ­ուած էր զ­­էնք­եր­ու ցու­ցադ­րութ­իւն: Ար­ցախ­ի Պաշտ­պա­նութ­եան բա­նակ­ին կողմ­է գլխաւ­ո­րա­բար ց­­ու­ցադ­րուած էին հրա­սայ­լեր, դիպ­ու­կա­հար հրա­ցան­ներ, հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նութ­եան զ­­ի­նա­տե­սակ­ներ եւ ա­նօ­դա­չու թռչող սարք­եր:

Ժող­ով­ուր­դը եւ յատ­կա­պէս ե­րա­խա­ներ մեծ հե­տաքրք­րութ­եամբ կը հետ­եւ­էին զին­ու­որն­եր­ուն եւ ցու­ցադ­րուած զ­­ի­նա­տե­սակ­ներ­ուն։ Ա­նոնցմ­է շատ­եր ցանկ­ու­թիւն կը յայտն­էին, որ իր­ենք ալ զ­­ին­ու­որ պիտ­ի դառ­նան եւ պաշտ­պա­նեն իր­ենց հայր­են­ի հող­ը։

Կէս­օր­ին, Շուշ­իի Ղա­զան­չեց­ոց եկ­ե­ղեցւ­ոյ բա­կը տեղ­ի ուն­ե­ցաւ յաղ­թա­կան շուրջ­պար։

Կը հա­ղոր­դուի, որ զու­գա­հե­ռա­բար կը շա­րու­նա­կուին հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը։ Շփման գծին վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը դար­ձեալ կրա­կե­ցին Ար­ցա­խի ուղ­ղու­թեամբ։

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թացն ալ կը մնայ սա­ռած։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան «Նիուզ»ի լրագ­րո­ղին յայտ­նեց, որ ա­ռայժմ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րու հան­դի­պում չէ նա­խա­տե­սուած: Ան ա­ւել­ցուց, որ այս պա­հուն կը սպա­սուի ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու տա­րա­ծքաշր­ջա­նա­յին այ­ցին, որ­մէ ետք պի­տի ո­րո­շուի, թէ ար­դեօք կա՞յ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հան­դիպ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն: Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու տա­րա­ծքաշր­ջան այ­ցի թուա­կանն ալ տա­կա­ւին յստակ չէ:

«Սա տա­կա­ւին յստա­կե­ցուած չէ: Սա միայն մեզ­մէ կա­խեալ չէ: Պէտք է տա­րա­ծքաշր­ջա­նա­յին այց կա­տա­րուի: Ա­նոնք պէտք է այ­ցե­լեն Հա­յաս­տան, Ատր­պէյ­ճան, Ղա­րա­բաղ: Ժամ­կէտ­նե­րը պէտք է հա­մա­ձայ­նեց­նել», ը­սաւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան:

Չորեքշաբթի, Մայիս 10, 2017