ՔՎԻՐԻՔԱՇՎԻԼԻ ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԹՐԱՄՓԻ ՀԵՏ
Վրաստանի Վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի, որ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Ուաշինկթըն, Սպիտակ տան մէջ տեսակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Ներկայ էր նաեւ ԱՄՆ-ի Փոխ-նախագահ Մայք Փենս, որու հետ առանձին ալ հանդիպած է Քվիրիքաշվիլի։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, վրացի վարչապետի շփումներուն ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներուն վերաբերեալ հարցեր։ Օրակարգի վրայ եկան Վրաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման եւ այդ ուղղութեամբ ԱՄՆ-ի աջակցութեան մասին հարցեր։ Կողմերը շօշափեցին նաեւ տնտեսական կապերու զարգացման հեռանկարները։
Քվիրիքաշվիլի Թրամփը հրաւիրեց այցելել Թիֆլիզ։