«ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ԳՈՅՆԵՐԸ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Հովանաւորութեամբ Քուէյթի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան, Քուէյթի «Ալ Պապթին» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Բարեկամութեան գոյները» խորագրով ձեռնարկ մը՝ նուիրուած Հայաստանի Ա. հանրապետութեան 100-ամեակին։ Այս ձեռնարկին կազմակերպման համար համագործակցեցան Հայաստանի դեսպանութիւնը, Քուէյթի Ազգային վարժարանը եւ «Ալ Պապթին» գրադարանը:

Հանդիսութեան սկիզբին տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը, որու ընթացքին բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին հանդիսավարներ Կարօ Արսլանեան եւ Մարիա Սէֆիլեան-Սալիպա: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Հայաստանի լիազօր դեսպան Մանուէլ Պատէեան եւ Ազգային վարժարանի տնօրէն Տքթ. Ներսէս Սարգիսեան, որոնք դրուատեցին հայ-քուէյթեան սերտ գործակցութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան սոյն ձեռնարկի յաջողութեան: Այս առիթով, առ ի երախտագիտութիւն վարժարանի արուեստի ուսուցչուհի Հուրի Նալպանտեան-Տէյիրմենճանի հետեւողական աշխատանքին եւ տարած անձնուէր ծառայութեան, Սարգիսեան զայն պարգեւատրեց երախտագիտութեան գիրով մը:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք ներկաները շրջեցան ցուցասրահին մէջ եւ դիտեցին նկարչական ստեղծագործութիւնները, որոնք կը մարմնաւորէին հայկական եւ քուէյթեան բնաշխարհները, հայկական եւ քուէյթեան արժէքները, բարքերն ու սովորութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ հայ-քուէյթական երկարամեայ սիրալիր բարեկամութիւնը, որուն արմատները կու գան 1940-ական թուականներէն:

Բաց աստի, ցուցասրահին մէջ նաեւ յարդարուած էր հայկական տունը պատկերող անկիւն մը, ինչպէս նաեւ կար հայկական տարազով բնորդ մը:

Հինգշաբթի, Մայիս 10, 2018