ԴԻՏԱՐԿՄԱՆ ԿԷՏ

Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման հետամուտ Աստանայի համաձայնութիւններու ծիրէն ներս, Թուրք զինեալ ուժերը տասներորդ դիտարկման կէտը ստեղեցին Իտլիպի մէջ։ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի միջեւ գոյացած պայմանաւորուածութեան հիման վրայ՝ Սուրիայէ ներս ստեղծուած են գօտիներ, որոնք կը պահուին բախումներէ զերծ։ Այդ գօտիներու դիտարկման նը-պատակով վերոյիշեալ երեք երաշխաւոր երկիրները կը ստեղծեն դիտարկման կէտեր։ Այս ամբողջին մէջ Թուրքիա տասներորդ դիտարկման կէտը ստեղծած է Հալէպի արեւմուտքին՝ Ռաշիտինի շրջանէն ներս։ Այդ դիտարկման կէտի անմիջապէս դիմացը կը գտնուին Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի բանակի դիրքերը։

Հինգշաբթի, Մայիս 10, 2018