ԼՈՒՐՋ ԿՈՐՈՒՍՏ

Ամերիկահայ յայտնի քաղաքական գործիչ Ճորճ Տէօքմէճեան կնքեց իր մահկանացուն։ Անցեալի մէջ Տէօքմէճեան եղած էր հայաշատ Գալիֆորնիոյ նահանգապետը եւ այդ պաշտօնավարութեան տարիներուն մարմնաւորած կերպարով դարձած էր անմոռանալի՝ ամերիկեան քաղաքական կեանքէ ներս։

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան Ճորճ Տէօքմէճեանի մահուան առթիւ հրապարակեց ցաւակցական պատգամ մը։ Սգալով այս կորուստը՝ ան յանուն ՀԲԸՄ-ի ցաւակցութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց կեանքի կամ անհատական համոզումներուն վրայ դրական անդրադարձ ունեցած է Ճորճ Տէօքմէճեանի գործունէութիւնը։ Պերճ Սեդրակեան ընդգծած է, որ Ճորճ Տէօքմէճեան եղած է հայազգի բացառիկ հասարակական գործիչներէն մին ու թողած՝ յոյսի եւ ոգեշնչման անսպառ ժառանգութիւն մը։

Հինգշաբթի, Մայիս 10, 2018