ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Մուհարրէմ Ինճէի հետ։ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնատաղիին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյցը, որ տեւեց շուրջ 40 վայրկեան։ Մուհարրէմ Ինճէ հանդիպումէն վերջ յայտնեց. «Զրուցեցինք, մեր ցաւերը բաժնեցինք, յաջողութիւն մաղթեցինք»։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Էրտողան եւ Ինճէ անկեղծ զրոյցի ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ ունեցան նախընտրական գործընթացին շուրջ։

Հինգշաբթի, Մայիս 10, 2018