ՀԵՐԹԻ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս նորընտիր առաջնորդ Տ. Դանիէլ Վրդ. Ֆընտըքեան ստացաւ իր ասան։ Թեմական պատգամաւորական ժողովին կողմէ պաշտօնի կոչուած եւ ընտրութիւնը Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ հաստատուած Տ. Դանիէլ Վրդ. Ֆընտըքեանի առաջնորդական ասան յանձնեց Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ 28 տարի պաշտօնավարելէ վերջ հերթը փոխանցեց իրեն։

Նիւ Եորքի Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը։ Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակը հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի կողմէ, որ այցելեց Արեւելեան թեմ։ Նորին Սրբութեան կոնդակը յանձնուեցաւ նորընտիր առաջնորդ հայր սուրբին։ Թեմի հոգեւորականաց դասու ներկայութեամբ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան հայր սուրբին յանձնեց նաեւ առաջնորդական ասան։ Այժմ արդէն նախկին առաջնորդ նորին սրբազնութիւնը հանդէս եկաւ նաեւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։

Տ. Դանիէլ Վրդ. Ֆընտըքեան կը հանդիսանայ Արեւելեան թեմի 12-րդ առաջնորդը։

Հինգշաբթի, Մայիս 10, 2018