ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՈՍ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի քայլերը քաոսի կը տանին ամբողջ աշխարհը։ Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ համաձայնութենէն Ուաշինկթընի դուրս գալը պատճառ դարձած է խոր մտահոգութեան։ «Իրան կա՛մ պիտի բանակցի եւ կամ բաներ մը պիտի ըլլան։ Եթէ վերստին սկիզբ տայ իր հիւլէական ծրագրին, ապա սա պիտի ունենայ լուրջ հետեւանքներ», ըսաւ Տանըլտ Թրամփ։

Միջազգային մեկնաբանները կ՚ընդգծեն, որ Թրամփ այս համաձայնութենէն դուրս եկած է քանդելու համար քաղաքական ժառանգութիւնը իր նախորդին՝ Պարաք Օպամայի։ Այսպէսով ան քաոսի համազօր կացութիւն մը ստեղծեց թէ՛ իր երկրին, թէ՛ Մերձաւոր Արեւելքի եւ թէ Եւրոմիութեան տեսակէտէ։ Արդարեւ, անցեալ տարի ԵՄ-Իրան առեւտուրի ծաւալը հասած էր 21 միլիառ եւրոյի։ Այժմ այս մէկը վտանգուած է։ Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ կողմնակից մնալ համաձայնութեան։

Իր կարգին, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ կրկնեց, որ Թեհրան հաւատարիմ կը մնայ համաձայնութեան։ Բայց եւ այնպէս, եթէ կողմերը չյարգեն իրենց տնտեսական պատասխանատուութիւնները, ապա Իրան վերստին պիտի ձեռնարկէ իր հիւլէական ծրագրին։

Այս բոլոր իրադարձութիւնները անմիջականօրէն կը հետաքրքրեն նաեւ Թուրքիան։ Յամենայնդէպս, Իրանի դէմ ԱՄՆ-ի կողմէ նախատեսուած պատժամիջոցները չեն ընդգրկեր նաեւ բնական կազի առեւտուրը։

Ուաշինկթընի կողմէ առնուած այս որոշումը խրախուսող երիրներու շարքին կը դասուին Սէուտական Արաբիան եւ Իսրայէլը։ Ռիատի ղեկավարութիւնը վերջին շրջանին ծայր աստիճան անհանգիստ էր տարածքաշրջանէ ներս Թեհրանի ազդեցութեան ծաւալումով՝ Սուրիոյ ճգնաժամի մթնոլորտին մէջ։ Երէկ, Սէուտական Արաբիա տեղեկացուց, որ եթէ Իրան ձեռնարկէ հիւլէական զէնքերու արտադրութեան, ապա նոյնը պիտի ընէ նաեւ ինքը։

Միւս կողմէ, Իսրայէլի զօրքերը երէկ ռմբակոծեցին Սուրիոյ տարածքէն ներս Իրանի պատկանող շարք մը զինուորական կառոյցներ։

Հինգշաբթի, Մայիս 10, 2018