ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԸ՝ ԱՐՑԱԽԷՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս փոխզիջումներու մասին կարելի է խօսիլ՝ երբ Պաքու ըսէ, որ պատրաստ է ճանչնալ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը։

Նիկոլ Փաշինեան երէկ Ստեփանակերտի մէջ մասնակցեցաւ 9 Մայիսի տօնակատարութիւններուն։ Ան միեւնոյն ժամանակ հիւրընկալուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ։ Սա իր առաջին այցելութիւնն էր եւ ան իր անդրանիկ մամլոյ ասուլիսն ալ սարքեց Ստեփանակերտի մէջ՝ պատգամները փոխանցելով Արցախին։ Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնեց, որ նոր շունչ կը տրուի Արցախի միջազգային ճանաչման։

«Պէտք է նախ պատասխանել հարցումի մը. կ՚ուզե՞նք լուծել խնդիրը, թէ չենք ուզեր։ Եթէ Ատրպէյճան կամ միջազգային հանրութիւնը կ՚ուզեն լուծել հարցը, անտրամաբանական է, որ այդ հարցը կը քննարկուի ձեւաչափով մը, որով չի կրնար լուծուիլ։ Ինչպէ՞ս կրնայ բանակցային այդ ձեւաչափը լուծել հարց մը, որու առանցքային մասնակիցներէն մին բանակցութիւններուն չի մասնակցիր։ Սա շահապաշտ հարց մըն է, ոչ թէ զգացական։ Արցախի անունով կրնայ խօսիլ միայն Արցախի իշխանութիւնը։ Հայաստան եւս հակամարտութեան կողմ է եւ լիարժէք կը խօսի իր անունով։ Ես պատրաստ եմ Հայաստանի անունով բանակցիլ Ատրպէյճանի նախագահին հետ, բայց Արցախի անունով պէտք է բանակցի Արցախի իշխանութիւնը՝ ի դէմս Արցախի նախագահին։ Հայկական կողմերը միշտ ալ խաղաղ հանգուցալուծման կողմնակից եղած են, իսկ Ատրպէյճան շարունակաբար կ՚օգտագործէ ռազմատենչ հռետորաբանութիւն», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Ասուլիսի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս բանակցութիւններու ձեւաչափը չի կրնար ամբողջական համարուիլ, քանի տակաւին չի մասնակցիր Արցախը։ Սա պատճառներէն մէկն է, թէ ինչու բանակցութիւնները ակնկալւած արդիւնքները չեն տար։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԱՍԻՆ

Փաշինեան երէկուան ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն, ինչ որ արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մէջ։ Ան ըսաւ, որ Հայաստան պատրաստ է առանց նախապայմաններու բնականոնացնել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները։ Ըստ իրեն, հայկական կողմը այդ բնականոնացման համար չ՚ակնկալեր նաեւ ցեղասպանութեան ճանաչումը։

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն շուրջ եւ ընդգծեց, որ կ՚ակնկալուին միայն դրական զարգացումներ։ Փաշինեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի մասնակցի Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան գագաթաժողովին, որու ծիրէն ներս նախատեսուած է իր հանդիպումը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ 

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Մինչ այդ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ։ Այս վերջինը Նիկոլ Փաշինեանը հրաւիրեց առաջին պատեհ առիթով այցելել Պրիւքսել։

Միւս կողմէ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Հայաստանի կառավարութիւնը վաղը պիտի գումարէ իր առաջին ժողովը։ Փաշինեան այս առաւօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին դիմեց՝ որպէսզի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետն ու ոստիկանապետը ազատուին իրենց պաշտօններէն։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 10, 2018