ՔԸՐՔ ՔԸՐՔՈՐԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ «ԽԱՂԱՑՈՂԸ» ԳԻՐՔԸ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԿԸ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԻ

Ամերիկահայ գործարար, միլիառատէր, բարերար, «Թրասինտա Քորփորէյշըն»ի գործադիր տնօրէն, Հայաստանի ազգային հերոս Քըրք Քըրքորեանի մասին պատմող «Խաղացողը» գիրքը կը թարգմանուի հայերէնի:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսած եւ արդէն իսկ ամենաշատ վաճառուած գիրքին հեղինակը Ուիլիըմ Չ. Ռեմփելն է:

Գիրքը հայ ընթերցողին կը ներկայացուի «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ. վերջինս ձեռք բերած է գիրքը հայերէն թարգմանելու եւ հրատարակելու բացառիկ իրաւունքը: Գիրքին թարգմանիչն է Ալինա Միրզոյեան, աշխատանքները այս պահուն կ՚ընթանան մեծ թափով։

«Գիտնալով, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսած է մեծանուն հայերէն մէկուն՝ Քըրք Քըրքորեանի մասին գիրք մը, մենք մեծ ցանկութիւն ունէինք զայն թարգմանելու եւ ներկայացնելու մեր ընթերցողներուն: Մենք պէտք է ճանչնանք մեր ազգի արժանաւոր զաւակները, հերոսները: Քըրք Քըրքորեան հայազգի բացառիկ անհատներէն մին է: Եւ այս գիրքին մէջ ի յայտ կու գան բազում փաստեր, դրուագներ, որոնք մինչ այդ յայտնի չէին ոեւէ մէկուն եւ որոնց մասին կ՚արժէ գիտնալ: Ասիկա պատմութիւն մըն է յաջողակ մարդու մը եւ անոր անցեալ բացառիկ ճանապարհի մասին», կը նշէ «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութեան շուկայագիտութեան տնօրէն Շաւարշ Կարապետեան:

Հրատարակչութենէն կը յայտնեն, որ «Խաղացողը, թէ ինչպէս անփող, անուսում Քըրք Քըրքորեանը դարձաւ դրամատիրական պատմութեան խոշորագոյն գործարարը» գիրքը լոյս տեսած է 2018 թուականի Յունուարի 23-ին:

Ի դէպ, ասիկա փաստագրական գիրք մըն է. բոլոր մէջբերումներն ու նկարագրական տեսարանները հիմնուած են ականատեսներու յուշերուն կամ նախապէս հրատարակուած պատմութիւններուն վրայ:

Բաց աստի, գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը ընթերցողներու սեղանին պիտի դրուի այս տարուան Յունիսին:

Հինգշաբթի, Մայիս 10, 2018