ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑԻ «ԴԱՆԹԷԱԿԱՆ ԱՌԱՍՊԵԼ»Ը ԻՏԱԼԵՐԷՆՈՎ
Հռոմի «Քազանաթենցէ» գրադարանին մէջ, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան, մայիսի 6-ին, մասնակցած է բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի «Դանթէական առասպել» պոէմի իտալերէն թարգմանութեան շնորհանդէսին:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ գիրքը իտալերէնի թարգմանուած է Փիզայի համալսարանի դասախօսներէն Ալֆոնսօ Փոմփելայի եւ Սթեֆանօ Կարցոնիոյի, ինչպէս նաեւ Հռոմի եւ Լացիոյի հայ համայնքի միութեան նախագահ Անուշ Թորունեանի համատեղ ջանքերով:
Իր խօսքին մէջ դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է ստեղծագործութեան իտալերէն թարգմանութիւնը կեանքի կոչելու համար եւ նշած՝ որ «Դանթէական առասպել»ը Եղիշէ Չարենցի վաղ շրջանի լաւագոյն գործերէն է, որով անոր անունը յայտնի դարձած է:
Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցած են ընթերցումներ՝ պոէմի իտալերէն թարգմանութենէն: