ՄԱՅԻՍԵԱՆ ԵՌԱՏՕՆԸ

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ երէկ նշուեցաւ Մայիսեան եռատօնը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տեղի ունեցան հանդիսաւոր տօնակատարութիւններ։ Երեւանի Յաղթանակի զբօսայգիէն ներս, «Մայր Հայաստան» յուշարձանի յարած տարածքին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր շքերթ։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած պետական աւագանին, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ու բարձրաստիճան եկեղեցականներ մասնակցութիւն բերին շքերթին։ Հայկական զինեալ ուժերու հրամանատարական կազմը, դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներն ալ համախմբուած էին Անծանօթ զինուորի յուշահամալիրի անմար կրակին շուրջ։

Շքերթի աւարտին նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելեց տօնական օրով զբօսայգիէն ներս աւանդաբար կազմակերպուող դաշտային խոհանոց եւ շնորհաւորեց զինուորական վրանային ճաշի սեղանի շուրջ համախմբուած վեթերանները։

Մայիսի 9-ի տօնակատարութիւններու ժամանակ նախագահ Արմէն Սարգսեան զրուցեց նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ «Մեր յաղթանակները առանձնայատուկ են, որովհետեւ անոնք մեր ազգային յաղթանակներն են։ Եթէ հարիւր տարի ետ երթանք եւ անդրադառնանք Սարդարապատի, Առաջին Հանրապետութեան նախորդող յաղթանակներուն, ապա կը տեսնենք, որ անոնք ազգային յաղթանակներ են, որովհետեւ կը մարտնչէր ոչ միայն հայոց բանակը, այլեւ ամբողջ ժողովուրդը։ Ճիշդ նոյն էր Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ։ Նոյնը կատարուեցաւ նաեւ Արցախի ազատամարտի, ապրիլեան պատերազմի ժամանակ։ Վտանգի պահուն մեր ժողովուրդը կը համախմբուի՝ թիրախ դարձնելով յաղթանակը։ Եւ սա շատ կարեւոր փաստ մըն է», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ Մայիսի 9-ի եռատօնին առթիւ այցելեց Արցախ, ուր մասնակցութիւն բերաւ տօնակատարութիւններուն։

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2019