ՄԻԱԿ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Երեւանի Յաղթանակի զբօսայգիին մէջ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Նախարարը այս առթիւ յայտնեց, որ Հայաստան կը շարունակէ ըլլալ Արցախի անվտանգութեան միակ երաշխաւորը։ «Լեռնային Ղարաբաղի 150 հազար մեր հայրենակիցներու անվտանգութիւնը ամբողջ հայութեան համար եղած է եւ կը մնայ ղարաբաղեան հակամարտութեան ամենակարեւոր խնդիրը։ Մենք՝ Հայաստան կը շարունակէ ըլլալ անվտանգութեան երաշխաւորը եւ մենք բազմաթիւ ձեւեր ու միջոցներ ունինք ապահովելու համար երաշխաւորման այդ գործառոյթը։ Հայաստան եղած է ու կը մնայ Արցախի անվտանգութեան միակ երաշխիքը», ըսաւ Զօհրապ Մնացականեան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախարարը ընդգծեց, որ ընտրութիւններու արդիւնքով ժողովուրդի կողմէ տրուած քուէներով ստացած լիազօրութիւնը Հայաստանի կառավարութեան թոյլ կու տայ բանակցելու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ եւ փնտռելու խաղաղ կարգաւորման ձեւաչափը։ «Մեր հասարակութեան մէջ, մեր երկրի մէջ կառավարութիւնը ընտրութիւններու միջոցաւ կ՚արտայայտէ ժողովուրդի կամքը։ Եւ այդ կամքի՝ ընտրութիւններու արդիւնքով տրուած լիազօրութիւններու հիման վրայ կառավարութիւնը ստանձնած է պատասխանատուութիւնը», աւելցուց Զօհրապ Մնացականեան։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանն ալ երէկ խօսեցաւ գերիներու փոխանակման հարցին շուրջ։ Իր խօսքով, գերիներու փոխանակման հարցով տակաւին յանձնարարութիւններ չեն եղած, բանակցութիւնները կը շարունակուին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերով զբաղող յանձնաժողովը տակաւին կը շարունակէ աշխատանքներ տանիլ։ Նպատակն է հասկնալ, թէ Ատրպէյճանի հետ ո՛ր գերին, ո՛ր գերիին հետ պէտք է փոխանակել։ Այդ յանձնաժողովը կը գլխաւորուի Դաւիթ Տօնոյեանի կողմէ։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ վերջերս յայտնած էր, որ իր երկիրը հանդէս կու գայ «Բոլորը՝ բոլորին հետ» սկզբունքով գերիներու փոխանակման ի նպաստ՝ հակամարտութեան գօտիէն ներս վստահութեան հաստատման համար։ Դաւիթ Տօնոյեան մեկնաբանեց նաեւ Լաւրովի այդ յայտարարութիւնը։ Ան ըսաւ. «Այս կապակցութեամբ յստակեցման աշխատանքներ կ՚ընթանան։ Այս պահուն յանձնարարութիւններ տակաւին չեն եղած, բայց բանակցութիւնները կը շարունակուին»։ Դաւիթ Տօնոյեան յիշեցուց, որ ինքն է համապատասխան յանձնաժողովի նախագահը եւ տակաւին աշխատանքները ընթացքի մէջ են, որպէսզի հասկնալի դառնայ, թէ ո՛վ կը փոխանակուի որո՛ւ հետ։

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2019