ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՀԵԾԱՆԻՒԻ ՎՐԱՅ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ այս առաւօտ գործի գնաց հեծանիւով։ Բնականաբար, վարչապետը տեսախցիկներու ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուեցաւ։ Անվտանգութեան պաշտօնեաներն ալ իրեն հետեւեցան հեծանիւով։

Փաշինեանի մասնակցութեամբ Երեւանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ վերանորոգեալ զբօսայգիի մը բացումը։ Միասնիկեանի արձանի ետեւի կողմը գտնուող ընդարձակ այգին միջոցէ մը ի վեր կը վերանորոգուէր ու կը բարեկարգուէր։ Այս ծրագիրը գործադրուեցաւ Երեւանի 2800-ամեակի յոբելեանին առթիւ։ Զբօսայգին ներկայիս իսկապէս շատ բարձր որակով վերանորոգուած է եւ մայրաքաղաքի սրտին վրայ դարձած հանգստանալու, լիցքաթափուելու յարմարագոյն վայրերէն մին։

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2019