ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏԳԱՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Եւրոպայի օրուան առթիւ հրապարակեց պատգամ մը։ Ան այս առթիւ ընդգծեց, որ Եւրոմիութիւնը ռազմավարական կուրութենէ պէտք է փրկուի։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախագահ Էրտողան այս առթիւ շեշտեց, որ ԵՄ-ի ամուր կլոպալ դերակատար մը դառնալուն առջեւ ամենամեծ խոչընդոտն է՝ ռազմավարական համբերութեան եւ տեսլականի պակասը։ Արդարեւ, ԵՄ նոր կառուցուածքի մը, նոր տեսլականի մը եւ համընդգրկուն նոր խօսոյթի մը պէտք ունի։ Էրտողան համոզուած է, թէ առանց Թուրքիոյ նպաստին եւ աջակցութեան՝ ԵՄ չի կրնար ամուր ձեւով իր գոյութիւնը շարունակել։ Այս ուղղութեամբ Թուրքիա պատրաստակամ է իրեն վիճակածը ընելու։

Ըստ Էրտողանի, Եւրոմիութեան կողմէ զարգացուած համատեղ քաղաքականութիւնները կարեւոր նպաստ մը բերած են թէ՛ այս ցամաքամասէն ներս եւ թէ անկէ անդին խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման հաստատման համար։ ԵՄ վերջին շրջանին կը դիմագրաւէ զանազան մարտահրաւէրներ. ինչպէս՝ գաղթականաց տագնապ, իսլամատեացութիւն, օտարատեացութիւն, ելմտական խոցելիութիւն, BREXIT, քորոնաժահրի համաճարակ եւ այլն։ Ուստի, Էրտողան շեշտած է, որ այս բոլորը կը սպառնան ԵՄ-ին ու անոր ապագային։ Յաղթահարումը կախում ունի զօրակցութեան, համագործակցութեան, համարձակ ու համապարփակ դիտարկման վերահաստատումէն։ Թուրքիա Եւրոպայի մաս կը կազմէ՝ պատմական, աշխարհագրական եւ հասարակական առումով։ Ան պատրաստ է իրեն վիճակածը կատարելու՝ ԵՄ-ի դիմագրաւած խնդիրներու յաղթահարման եւ ազդեցութեան բարձրացման ուղղութեամբ։ Առանց Թուրքիոյ նպաստին եւ աջակցութեան՝ անկարելի է, որ ԵՄ ամուր ձեւով մը իր գոյութիւնը տեւականացնէ։

Պատգամին մէջ Էրտողան յիշեցուց, որ ԵՄ չի յարգեր՝ լիիրաւ անդամակցութեան համար Թուրքիոյ տրուած խոստումները եւ շարունակ կը ձգձգէ այդ գործընթացը։ Անդամ կարգ մը երկիրներ Թուրքիոյ հետ իրենց երկկողմանի խնդիրները կը տեղափոխեն ԵՄ-ի նրբանցքները, ինչ որ գերեվարած է Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւնները։ Սա տկարացուցած է նաեւ ԵՄ-ի կլոպալ սպառնալիքներու դէմ պայքարելու ընդունակութիւնները։ Հակառակ իր ենթարկուած կրկնակի չափանիշներուն եւ խոչընդոտներուն՝ Թուրքիա ԵՄ-ի լիիրաւ անդամակցութեան ճանապարհին կը շարունակէ իր վճռական գործունէութիւնները եւ աշխատանքները՝ որպէս ռազմավարական նպատակ։ Թուրքիոյ լիիրաւ անդամակցութիւնը ճանապարհ պիտի հարթէ Եւրոպայի վերելքին առջեւ. Եւրոպա մը, որ տարածքաշրջանային եւ համաշխարհային մակարդակի վրայ ազդու պիտի ըլլայ եւ յոյս պիտի ներշնչէ թէ՛ իր քաղաքացիներուն եւ թէ տարածքաշրջանին ու ամբողջ աշխարհին։

Երկուշաբթի, Մայիս 10, 2021