Երեքշաբթի 21, Յունուար 2025
ԺԽՈՐԷՆ ԱՆԴԻՆ
Առեւտուրը, խորքին մէջ, անպակաս է կեանքէն։ Ամէն մարզի մէջ, բոլոր հարթութիւններու վրայ առեւտուր կ՚ընթանայ։ Աշխարհ մեծ շուկայ մըն է այս առումով։ Առեւտուրը զանազանութիւն կ՚ենթադրէ, իսկ շուկան՝ ճոխութիւն։ Այդ բոլորը նաեւ մեծ ժխորի մը թատերաբեմը կը հանդիսանան։
Ո՛ւր որ կայ այդ բոլորը, այնտեղ կայ նաեւ հաշուեկշիռ։ Յամենայնդէպս, ի տարբերութիւն մնացեալներէն, իր էութեամբ, այդ հաշուեկշիռը կ՚ըլլայ ժխորէ հեռու։ Առեւտուրը ուրիշներու հետ, բայց հաշուեկշիռը, առաջին հերթին՝ սեփական խղճին առջեւ…
Երկուշաբթի, Մայիս 10, 2021