ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ԴԱՇԻՆՔԸ ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ՔԱՐՈԶԱՐՇԱՒԻ ՍԿՍԱՒ ԱՍՈՒԼԻՍՈՎ, ԵՐԹՈՎ ԵՒ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔՈՎ

Հայաստանի մէջ 20 յուլիսին նախատեսուած է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւն։ Ընդհանուր ակնկալութիւնը այն է, որ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակի մէջ յառաջացած քաղաքական տագնապի յաղթահարման համար ճանապարհ հարթեն այս ընտրութիւնները։ Երկրի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս այս շրջանին կան բազում նոր խմորումներ։ Աստիճանաբար կը սկսի նաեւ նախընտրական քարոզարշաւը, թէեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած իշխանութիւնները արդէն վաղուց համապատասխան քայլերու ձեռնարկած են։

Շաբաթավերջին այս առումով տեղի ունեցաւ ուշագրաւ իրադարձութիւն մը։ Նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեան, որ բաւական երկար ժամանակ առաջ արդէն յայտարարած էր՝ մեծ քաղաքականութեան վերադառնալու իր որոշումը, իր գլխաւորած դաշինքով տուաւ նախընտրական քարոզարշաւի մեկնարկը։ Այսպէս, Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած դաշինքը կը կոչուի «Հայաստան»։ Անոր մասնակից հիմնական քաղաքական ուժերէն մին է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը։ 9 մայիսին՝ երբ Հայաստանի մէջ կը նշուի Յաղթանակի տօնը, Ռոպերթ Քոչարեան հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, Երեւանի կեդրոնին իր համակիրներուն եւ աջակիցներուն հետ երթ մը կատարեց եւ Ազատութեան հրապարակին վրայ մասնակցեցաւ նոյն ծիրին մէջ կազմակերպուած հանրահաւաքին, որու ժամանակ ունեցաւ ելոյթ մը։ Հարթակի վրայ Քոչարեանի կողքին էր նաեւ Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն Սէյրան Օհանեան, որ պաշտօնավարած էր Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան տարիներուն։ Թէ՛ Քոչարեան եւ թէ Օհանեան իշխանափոխութենէն վերջ դատուիլ սկսած էին։

Երկուշաբթի, Մայիս 10, 2021