ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎԻ ԴԷՊԻ ՊԱՔՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԱՅՑԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր աշխատանքային այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Պաքու, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած առկայ իրավիճակին մէջ տեղի կ՚ունենայ ռուս նախարարին ուղեւորութիւնը՝ համապատասխան գործօններով պայմանաւորուած օրակարգով։

Լաւրով քանի մը օր առաջ ալ այցելած էր Երեւան։ Լաւրովի շփումները տեղի կ՚ունենան ուշագրաւ ժամկէտով, երբ հետզհետէ աւելի յաճախակիօրէն օրակարգի վրայ կու գայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերջնական կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացի վերսկսումը։

Երկուշաբթի, Մայիս 10, 2021