ՀԱՄԱԿԱ՞ՐԳ ԿԱՄ ԱՆՀԱՏ
Եկա՞ծ է Հայաստանը փրկելու իրական ժամանակը։ Կամ արդեօք արդէն աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր շարունակուող դէպքերը, բողոքի գործողութիւնները, փողոցներ եւ ճանապարհներ փակելու երեւոյթները տեղ մը քաղաքական լուծման նոր հարթակ մը պիտի կարողանա՞ն ստեղծել։ Ակներեւ է, որ եթէ երէկ միայն ընդդիմութիւնն էր երկխօսութեան դէմ, այսօր՝ որպէս իշխանութիւն ներկայացող քաղաքական ուժը յայտնուած է նոյն «ընտրանք»ին առջեւ, անշուշտ, ի մտի ունենալով, որ եթէ ներկայ ցոյցերը ձախողին, ապա այդ վիճակը մեծապէս պիտի նպաստէ անոնց «օրինականացում»ը աւելիով ամրապնդելու։ Այս բոլորին մէջ, անշուշտ, հանելուկային պիտի շարունակէ մնալ այն հարցումը, թէ ինչո՞ւ հիմա եւ ինչո՞ւ այսքան վճռակամութեամբ Հայաստանի արմատական ընդդիմութիւնը անգամ մը եւս փողոց իջած է՝ «զինուելով» մասնաւորապէս Փաշինեանի կողմէ կատարուած վերջին յայտարարութիւնները դատապարտելու եւ զանոնք «գերագոյն դաւաճանութիւն» համարելու մօտեցումներով։
Փաշինեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն կը խօսէր Արցախի խնդրով նշաձողը իջեցնելու «նպաստաւոր» մօտեցման մը մասին՝ չմոռնալով նաեւ ըսել, որ վաղ թէ ուշ Արցախը պիտի մտնէ Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ Հաւանաբար ան գիտէր, որ իր խօսքերը ոչ միայն աղմուկ պիտի ստեղծեն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ շարժառիթ պիտի դառնան, որպէսզի քաղաքական ընդդիմութիւնը դիմադրական նոր շարժումի մը ձեռնարկէ։ Ուժերու յարաբերակցութեան խնդիրը, բնականաբար, կարեւոր է երկու կողմերուն համար, սակայն Հայաստանի շուրջ ընթացող իրադարձութիւնները տեղ մը կը յուշեն, թէ առկայ գործընթացներուն մէջ կան արտաքին ազդակներ, որոնց երկու ծայրերուն են Ռուսաստանն ու Արեւմուտքը։ Ուրեմն, սեւով ճերմակի վրայ յստակ է արդէն, որ Երեւանի փողոցներուն մէջ մինչեւ այս պահը կատարուած բողոքի գործողութիւնները ունին նաեւ արտաքին գործօններու վրայ ինչ-որ չափով ազդելու ընդունակութիւն, կամ աւելի ճիշդ կ՚ըլլայ ըսել, որ այս ցոյցերը, բողոքի ալիքը կրնան տեղ մը հունաւորել եւ աւելի թիրախային դարձնել՝ մասնաւորապէս Ռուսաստանի համար Երեւանի մէջ աւելի «ձեռնտու» իշխանութիւն մը ունենալու մօտեցումները։
Այստեղ ամենէն ուշագրաւը Հայաստանի լայն հասարակութեան մօտեցումն է։ Ի հեճուկս մեծագոյն ճիգերու, այդ մօտեցումները կը շարունակեն «անտեսել» կոչերը՝ յենլով այն վարկածին վրայ, թէ ի՛նչ ալ ըլլան պարագաները իրենց համար աւելի տանելի է, որպէսզի իշխանութեան գլուխը շարունակէ մնալ բոլոր առումներով տապալած Փաշինեանը՝ քան թէ իշխանութեան գլուխ յայտնուի նախապէս (այս բառը ինքնին պէտք է իմաստազուրկ դառնար ի տես Փաշինեանի գործած աղէտաբեր սխալներուն, սակայն այդպէս չեղաւ) երկրի ղեկին գտնուած կամ այդ իշխանութեան ածանց որեւէ անուն։ Գետնի վրայ պատկերը այսօր ալ այսպէս է, բացի եթէ ցուցարարներու քանակը հասնի այնպիսի զանգուածի մը, որուն յենլով ընդդիմութիւնը կարողանայ ամբողջապէս տիրապետութեան տակ առնել Երեւանը ու այդպէսով Փաշինեանի հրաժարականը վերածել հանգոյցը յաղթահարելու համար նպաստաւոր կարեւորագոյն ազդակի մը։
Հարկ է նաեւ այստեղ նշել, որ ընդդիմութիւնը շատ լաւ հասկցած է, թէ այս շարժումը տակաւին սկիզբն է։ Այդ բոլորը ամրապնդելու համար ընդդիմութիւնը կարիքն ունի յաւելեալ ժամանակի, հետեւաբար նաեւ յաւելեալ մարդուժի։ Ինչ կը վերաբերի իշխանութիւններու կեցուածքին, ապա աւելի քան պարզ է, որ Փաշինեան ընտրած է ընդդիմութեան շարժումը «սպունգ»ի պէս ներծծելու մօտեցումը։ Ան կը վստահի ժամանակի գործօնին։ Երեւի, ըստ իրեն այդ մէկը «հալ ու մաշ» պիտի դարձնէ ընդդիմադիր խումբերուն կարողութիւնը, նաեւ կամաց-կամաց պիտի հալեցնէ անոնց վճռակամութիւնը։
Մէկ կողմէ ներքին պայքար, միւս կողմէ Արցախի անվտանգութեան խնդիր, սահմաններու խնդիր, հայ-թրքական օրակարգ եւ պատերազմի բեռան տակ մինչեւ այս պահը տապլտկող Հայաստանի պատկեր։ Այս բոլորը կան ու կայ նաեւ ըմբռնում, թէ Փաշինեան այս բոլորի տակէն անհնար է, որ կարողանայ դուրս գայ։ Սա ընդդիմութեան մօտեցումն է, իսկ ատոր դիմաց կայ իշխանութեան հին-նոր յանկերգը, թէ Սերժ Սարգսեանը (կամ անոր կողմնակիցները), Ռոպերթ Քոչարեանը (կամ անոր կողմնակիցները) մերժուած են Հայաստանի լայն հասարակութեան կողմէ (առնուազն Փաշինեանին քուէարկած 680 հազար քաղաքացիներուն կողմէ)։ Հետեւաբար, այդ մերժումին դիմաց Փաշինեան պէտք է շարունակէ մնալ աթոռին վրայ։ Այս երկու մօտեցումները աւելիով կը կարծրանան ամէն օր եւ կրնան նոյնիսկ երկիրը ներքին բախումներու տանիլ։ Դիրքեր զիջելու, զիրար լսելու եւ երկխօսութեան սեղանին նստելու առիթներ ընդհանրապէս չեն երեւիր՝ ոչ անոր համար, որ գլխաւոր բեւեռներու առաջնորդները չունին բաւարար կամք իրարու քով նստելու, այլեւ անոր համար, որ ցարդ հորիզոնին վրայ չէ երեւցած նոյնիսկ անձ մը, որ կը կարողանայ այդ լիտէրները ի մի բերել։ Ու այս ընդհանուր պատկերին վրայ, բոլորին համար (ոչ միայն Հայաստանին եւ հայութեան համար) ձեռնտու է տեսնել աւելի թուլացած, ինքն իր մէջ «ծուարած» եւ ներքին պառակտումներէ յոգնատանջ Հայաստան մը։ Պատկերը յուսադրիչ չէ ու աւելի քան որեւէ ժամանակ կը հնչէ այն վարկածը, թէ շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար հաւաքական մեր այսօրը, եթէ երեսուն տարուան մեծ պայքարներու ընթացքին Հայաստանը կարողանար ստեղծել համակարգի իշխանութիւն եւ ոչ թէ անհատի կամ անհատներու թագաւորութիւն։
Իրաւացի ըլլալ եթէ փորձենք, ապա անպայման պիտի արձանագրենք, որ «թաւշեայ» կոչուած եղելոյթը (ես չեմ կամենար յեղափոխութիւն ան-ւանել) մեծ հաշուով երկար տարիներու կուտակումներու, ատելութեան, օտարումի եւ մեծ սխալներու հետեւանքն էր։ Ու այս առումով ալ քիչ են անոնք (յատկապէս սփիւռքի մէջ), որոնք խոշորացոյցով կը նայէին անցեալ ժամանակներու մեծ սխալներուն։ Այս առումով, եթէ փորձենք անկեղծ դիտարկել, ինչպէս փոխուեցաւ իրավիճակը չորս տարի առաջ եւ արդա՞ր էր ժողովրդային պոռթկումը։ Քուէյթահայ գործիչ տքթ. Մեսրոպ Թասլաքեան այս կապակցութեամբ կ՚ըսէ հետեւեալը. «Մօտաւորապէս երեք տասնամեակ փտածութիւնը պոռթկում յառաջ պէտք է բերէր որոշ արժանապատուութեան տէր ժողովուրդի մը մօտ, տրամաբանականօրէն: Սակայն աւելի ճիշդ է զայն որակել տարերային պոռթկում՝ քան իսկական յեղափոխութիւն: Ժողովուրդի համբերութեան բաժակը կրնայ լեցուիլ եւ պոռթկալ, սակայն այդ մէկը կարելի է յեղափոխութիւն կոչել, երբ ըլլայ գաղափարական ղեկավարութիւն մը, որ կը հունաւորէ պոռթկումը ու կ՚աշխատի իրականացնել այն նպատակները, որոնց համար ոտքի ելած են զանգուածները: Դժբախտութիւն է, որ տարերային պոռթկման գլուխը անցան ամբոխավար, կասկածելի անցեալով եւ նոյնիսկ դուրսէն գանձատրուող անձեր, որոնք հոտառութիւնը ունեցան համատարած շփոթութեան պահէն օգտուելու, իրարանցումի մէջ: Եղածը պարզապէս իշխանափոխութիւն մըն էր, սակայն, շատ աւելի ծանրակշիռ ու աղէտալի հետեւանքներով, որոնց «պտուղները կը քաղուին» չորս տարիէ ի վեր»։
Գալով այսօրուան իրավիճակին, կը նկատուի, որ Հայաստանի հասարակութիւնը (գոնէ մինչեւ այս պահը) կը մերժէ ներկայ ընդդիմադիր շարժումներուն տարերայնութիւն մը տալ։ Մինչ այդ, հասկնալի է եւ ըմբռնելի, որ Փաշինեանի հարցերը շատ արագ լուծելի կը դառնան, եթէ ժողովուրդը իսկապէս հաւատայ եւ յատկապէս միանայ այսօրուան պայքարին։ Թասլաքեան համոզուած է, թէ ներկայ իրավիճակը նորութիւն մը չէ, եթէ պատմութիւնը ուսումնասիրուի: «Նոյնիսկ Առաջին Հանրապետութեան ժամանակ ամբոխային տրամաբանութիւնը գոյութիւն ունեցած է: Շատ են նմանութեան եզրերը ժողովուրդի այն ժամանակուայ հոգեվիճակին: Հոս, մեր եւ մեր շրջանին մէջ ապրող դրացի ազգերու պարագային, որոնց մօտ թերզարգացած է պետական ազգի ապրումն ու նախանձախնդրութիւնը, ղեկավարութիւնը կ՚որոշէ պետական ուղին՝ իր ետեւէն տանելով ամբոխը։ Կը շեշտեմ՝ ամբոխ, ոչ թէ ազգ: Ազգը արժանի կ՚ըլլայ իր կոչման, երբ իր ազգային հաւաքականութեան եւ պետականութեան շահը գերիվեր դասէ նեղ անձնականէն: Ազգին համար այն հողը, որուն վրայ կ՚ապրի, հայրենիք է, ոչ թէ ապրելավայր, զոր հեշտութեամբ կարելի է փոխարինել: Որքան ալ ոչ-ժողովրդավարական կամ բռնակալական թուի ըսածս, այսպիսի յեղափոխական ժամանակներու մէջ, երբ վտանգուած է հայրենիքի եւ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութիւնը, դէմ եմ ժողովրդավարական ընտրութիւններու: Պետական մտածելակերպ եւ հասունութիւն չունեցող, իր ապագայէն վախցող ժողովուրդ մը պիտի ընտրէ պարզապէս իր նմանը: Յեղափոխութիւնն ու իսկական յեղափոխականը փոքրամասնութիւն եղած են միշտ», կ՚ըսէ ան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան