ՄԱԿ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՇՓՄԱՆ ՄԷՋ
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի՝ մարդասիրական հարցերու գծով տեղակալ Մարթին Կրիֆիթսը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ զրոյցը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմով պայմանաւորուած զանազան խնդիրներ։ Քալըն եւ Կրիֆիթս կանգ առին Ուքրայնայի մարդասիրական վիճակին եւ այնտեղ առաքուած մարդասիրական օժանդակութեան վերաբերեալ հարցերու վրայ։
Զրուցակիցները մանրամասնօրէն արժեւորեցին՝ «Ուքրայնայի մարդասիրական շփման խմբակ»ի ծրագրին վերաբերեալ հարցեր։ Արդարեւ, այսպիսի խմբակի մը ստեղծուիլը կը նախատեսուի՝ Ռուսաստանի, Ուքրայնայի, ՄԱԿ-ի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։
Ներկայիս հրատապ հարց դարձած է Ուքրայնայի բախման գօտիներէն ներս մարդասիրական միջանցքներու բացուիլն ու քաղաքային բնակչութեան տարհանումը։ Թրքական կողմը այս ուղղութեամբ կը գործադրէ դիւանագիտական ջանքեր, որոնց կարեւորութիւնը վերահաստատուեցաւ երէկուան Քալըն-Կրիֆիթս հանդիպման ժամանակ։ Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, որպէսզի ՄԱԿ եւ Թուրքիա մարդասիրական տագնապներու կանխարգիլման ուղղութեամբ սերտօրէն համակարգեն իրենց աշխատանքները եւ շարունակեն համագործակցութիւնը։
Կրիֆիթս Անգարայի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։
Մօտաւոր անցեալին ալ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես Անգարա այցելելով ընդունուած էր նախագահ Էրտողանի կողմէ՝ դէպի Մոսկուա եւ Քիեւ ուղեւորութեան ընդառաջ։