ԼԱՐՈՒԱԾ ՍՊԱՍՈՒՄԻ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Երեսփոխանական ընտրութեանց աւարտին երկրի ղեկավարութիւնը ձեւաւորելու աշխատանքը հետզհետէ կը մտնէ պաշտօնական հունէ մը ներս։ Այսպէս, Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդը երէկ հրապարակեց ընտրութեանց առժամեայ արդիւնքները, ըստ որոնց ԱՔ կուսակցութիւնը ստացած է քուէներու 40.87 առ հարիւր տոկոսը, ՃՀՓ՝ 24.95 առ հարիւր տոկոսը, ՄՀՓ՝ 16.29 առ հարիւր տոկոսը եւ ՀՏՓ՝ 13.12 առ հարիւր տոկոսը։ Ընտրողներու թիւը կազմած է 47 միլիոն 507 հազար 389-ը։
Խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ ընդունուեցաւ Հանրապետութեանի նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ժամանակ վարչապետը կառավարութեան հրաժարականը ներկայացուց երկրի նախագահին, որ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն տարուած գործունէութեան համար եւ խնդրեց մնալ պաշտօնի գլուխ՝ մինչեւ նոր կառավարութեան ստեղծումը։
Կառավարութեան հրաժարականը ձեւական բնոյթ կը կրէ եւ անհրաժեշտ քայլ մըն է օրինական հետագայ զարգացումներուն առումով։
Մինչ կուսակցութիւնները համախոհական կառավարութիւն մը ստեղծելու հաւանական ծրագրերու շուրջ մտամարզանքներ կը կատարեն, քաղաքական դէտեր ալ իրենց տեսակէտները կը յայտնեն այս նիւթին շուրջ՝ թելադրելով զանազան տարբերակներ։
Քաղաքական գործիչներ եւս անմասն չեն մնար յայտնելու իրենց մօտեցումները։
Սպասողական այս վիճակը խաղաղօրէն ապրելու եւ դժուարութիւնները յաղթահարելու միտումը անշուշտ փափաքելի է քաղաքական տարբեր կարծիքներու առկայութեամբ իսկ, սակայն դըժ-բախտաբար մթնոլորտը կ՚ապականի տարբեր տեղերէ հասած լուրերով։ Այսպէս, ամենացնցիչ իրադարձութիւններէն մէկը երէկ ապրուեցաւ Տիարպաքըրի մէջ, ուր մահափորձի մը զոհ գնաց տեղւոյն իսլամամէտ գործիչներէն Այթաչ Պարան։ Վաղորդայնին ծագած դէպքերուն հետեւանքով զոհուեցան երկու հոգիներ եւս։ Նոյն պաշտօնական մարմինները հաղորդեցին, թէ ձերբակալուած են երեք կասկածեալներ, զէնքով մը միասին։ Ինչպէս ծանօթ է, Տիարպաքըրի մէջ լարուած յարաբերութիւն մը կը տիրէ տեղւոյն իսլամական ծայրայեղականներուն եւ քիւրտ քաղաքացիներուն միջեւ։ Հետեւաբար, ՀՏՓ-ի կուսակցապետ Սելահատտին Տէմիրթաշ եւ կուսակցութենէն տարբեր գործիչներ անմիջապէս ցաւակցական ու դատապարտող յայտարարութիւններ կատարեցին, նշելով, թէ ոչ մէկ տուրք պէտք է տրուի հասարակութիւնները դէմ յանդիման հանող մօտեցումի մը։
Անգարայի քուլիսներէն այս առտու հասած լուրերուն համաձայն, ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները արդէն իսկ սկսած են անպաշտօն հանդիպումներ ունենալ, գետին մը պատրաստելու համար թերեւս հետագայ համագործակցութեան մը համար։ Ճիշդ է, որ ՃՀՓ կը փափաքի մաս կազմել իշխանութեան, սակայն ունի իր կարմիր գիծերը, որոնք են «առանց Էրտողանի ԱՔ կուսակցութեան մը» եւ կաշառակերպութեամբ ամբաստանուած նախկին նախարարներու հարցին լուծումը։
Թերթս երբ մամուլին կը յանձնէինք, Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունենալու կը պատրաստուէին Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ ՃՀՓ-ական Տենիզ Պայքալ։ Հանդիպումը պիտի կայանայ Չանքայայի Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ։ Հանդիպման փափաք յայտնած է նախագահը։