ՊՐԱԶԻԼԻԱ ԿԸ ԼՈՒՍԱԲԱՆԷ ՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ
Պրազիլիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածեց հաղորդագրութիւն մը՝ շեշտելով, թէ կ՚ափսոսայ Թուրքիոյ կառավարութեան կայացուցած որոշման համար, սակայն կան գաղափարներ, դիրքորոշումներ, որոնք ենթակայ չեն փոփոխութեան։ «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, նախարարութիւնը նաեւ ափսոսանք յայտնեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Պրազիլիոյ ծերակոյտին կողմէ ընդունուած բանաձեւի առընչութեամբ նման դիրքորոշում մը յայտնած է, քանի որ ան իր համերաշխութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը կը յայտնէր հայ ժողովուրդին՝ Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցի եւ անմեղ մարդոց զոհուելուն կապակցութեամբ։
«Յուլիսի 1-ին Թուրքիոյ դեսպանը եկաւ արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Զինքը ընդունեց Արտաքին գործոց գլխաւոր քարտուղար, դեսպան Սերկիօ Տենէս եւ սպառիչ բացատրութիւն տուաւ ան գործընթացներու կապակցութեամբ, որոնք կ՚ընթանան ծերակոյտի մօտ։ Նշուեցաւ, թէ կան տեսակէտներ եւ աւանդական դիրքորոշում քանի մը հարցերու առընչութեամբ, որոնք ենթակայ չեն փոփոխման։ Նոյն բացատրութիւնը ներկայացուեցաւ նաեւ Հայաստանի դեսպանին», նշուած է յայտարարութեան մէջ։ Հոն կ՚ընդգծուի, թէ որոշում կայացնելու ժամանակ ծերակոյտը հիմնուած է Պրազիլիոյ սահմանադրութեամբ ամրագրուած անկախութեան լիազօրութեան վրայ։ Միաժամանակ նախարարութիւնը յոյս յայտնեց, թէ Թուրքիոյ հետ պաշտօնական երկկողմանի ռազմավարական յարաբերութիւնները մօտ օրէն վերադառնան բնականոն հունին։
Պրազիլիոյ ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւը ճանչցող ու դատապարտող ընդունումէն ետք Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը տարածած էր եւ Անգարա կանչած այդ երկրի մէջ պաշտօնավարող իր դեսպանը՝ խորհրդակ-ցութեանց համար։
Պրազիլիոյ ծերակոյտը միաձայնութեամբ վերջերս ընդունած էր ծերակուտական Ալոիզիօ Նունէս Ֆերէյրա Ֆիլիոյի եւ ծերակուտական Ժոզէ Սերայի հեղինակած հայկական բանաձեւը։