20 ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Իրենց նահատակման 100-րդ տարելիցին առթիւ յառաջիկայ Երկուշաբթի Էտիրնէգաբուի գերեզմանատան մէջ պիտի ոգեկոչուին Հնչակեան կուսակցութեան գործիչ Մատթէոս Սարգիսեան-Փարամազն ու իր 19 ընկերները։ Ժամը 17.30-ին կազմակերպուելիք ոգեկոչման նախաձեռնողն է «Նոր զարթօնք»ը։
Ինչպէս ծանօթ է, 1914-ի Յունիսին Հնչակեան կուսակցութեան քսան գործիչները ձերբակալուած եւ մահուան դատապարտուած էին՝ Իթթիհատ եւ Թերաքքիի վարիչներուն՝ Թալէաթի, Էնվէրի եւ Ճեմալի դէմ մահափորձ մը նախապատրաստելու ամբաստանութեամբ։ Հայ յեղափոխականները կախաղան հանուած էին 15-16 Յունիս 1915-ին, Պէյազըտի հրապարակին վրայ։ Կախաղանի մօտ իրենց արտասանած խօսքերէն մին էր՝ «Դուք մեր մարմինը միայն կրնաք սպաննել, բայց մեր գաղափարը ոչ»։ Իրենց նահատակութենէն ետք քահանայ մը գաղտնաբար կանչուած եւ իրենց մարմինները փոխադրուած ու ամփոփուած էին Էտիրնէգաբուի գերեզմանատան մէջ, եղբայրական շիրմի մը մէջ՝ առանց խաչի ու տապանաքարի։