ԵՒ… «ԵՒՐՕ-2016»
Աշխարհի ֆութպոլասէր հասարակութեան հայեացքները այսօր պիտի ուղղուին Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզ, ուր տեղի պիտի ունենայ «Եուրօ-2016»ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյենութեան մրցաշարքին պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որուն պիտի յաջորդէ Ֆրանսա-Ռումանիա բացման մրցումը (Ա. խմբակ):
Յետադարձ ակնարկ մը նետելով Նոյեմբեր 2015-ին՝ յիշեցնենք, որ Ֆրանսա ապրեցաւ սեւ օր մը, երբ իսլամական յարձակումի մը զոհ գացին 130 անձեր նոյն այն վայրին մէջ, ուր տեղի կ՚ունենայ այսօրուան բացման մրցումը:
Նոյեմբերեան այդ դէպքէն ետք կը կարծուէր, որ Ֆրանսա պիտի չկարենայ հիւրընկալել այս մրցաշարքը:
Սակայն այդ դէպքէն ետք ապահովական ուժերը խստացուցին եւ «Փարք տը Փրենս» մարզադաշտի ամբողջ շրջակայքին որդեգրեցին ապահովական խիստ միջոցառումներ՝ որեւէ անախորժ դէպքի մը առաջքը առնելու համար:
Գերմանիա պիտի փորձէ չորրորդ անգամ ըլլալով տիրանալ այս մրցաշարքի տիտղոսին: Գերմանիոյ ֆութպոլի դաշնակցութիւնը միշտ ալ նիւթական պարգեւներ կը խոստանայ խումբի մարզիկներուն:
Եթէ պատահի, որ Գերմանիա ըլլայ տիտղոսակիր, իւրաքանչիւր մարզիկ պիտի ստանայ 300 հազար եւրոյի պարգեւ, ինչ որ կը նկատուի բաւական կոկիկ գումար մը:
Սակայն հինգ խումբեր, որոնք ունին ամենէն բարձրորակ կազմերը, կը նկատ-ւին տիտղոսին թեկնածու եղող խումբերու կարգին: Անոնք են՝ Ֆրանսա, Գերմանիա, Սպանիա, Անգլիա եւ Պելժիա։
Բայց եւ այնպէս այժմէն իսկ հաշիւներ ընելը ամբողջութեամբ սխալ է՝ նկատի ունենալով, որ ֆութպոլի կլոր գնդակի աշխարհին մէջ միշտ ալ անակնկալներ կ՚ըլլան:
Յամենայնդէպս, քսանչորս խումբերն ալ պիտի պայքարին տիտղոսին տիրանալու համար, ի վերջոյ միայն մէկը պիտի ապահովէ մրցաշարքին տիտղոսը: Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականն ալ մասնակցութիւն կը բերէ Ֆրանսայի մէջ կազմակերպուած այս կարեւոր մրցաշարքին։ Ամբողջ երկիրը մեծ խանդավառութեամբ կ՚ակնկալէ, որ թրքական ընտրանին գերազանցէ ցարդ ունեցած յաջողութիւնները։
Յուսալի է, որ այս մէկ ամսուան ընթացքին բոլոր կազմերն ալ ցուցադրեն բարձրորակ խաղարկութիւն: