ԻՐԱՒԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐ
Պունտեսթակի կողմէ հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ընդունուած որոշումէն վերջ՝ թուրք փաստաբան Ռամազան Աքպաշ հանդէս եկաւ դատական դիմումով մը։ Ան կը պահանջէ, որպէսզի այս որոշումը ջնջուի։
Փաստաբան Ռամազան Աքպաշ երէկ համապատասխան դիմումներ ներկայացուց Գերմանիոյ Սահմանադրական ատեանին, որ կը գտնուի Քարլսրուհէի մէջ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանին մօտ։ Աքպաշ այս առթիւ նշեց, թէ գերմանաբնակ աւելի քան չորսուկէս միլիոն թուրքերն ու թրքական արմատներով գերմանահպատակները իրաւունք ունին անհատական դիմում ներկայացնելու երկրի Սահմանադրական ատեանին։ Ան ըսաւ, թէ այսպէսով իրաւական պայքար մը սկսած է Պունտեսթակի որոշման յետսկոչուելուն համար։
«Գերմանիա կրակի հետ կը խաղայ։ Այս որոշումով իբր թէ հայոց ցեղասպանութիւնը դասագիրքերուն մաս պիտի կազմէ Գերմանիոյ մէջ։ Այս քաղաքականութիւնով Գերմանիա ատելութեան հունտեր կը ցանէ երկրին մէջ։ Կը հրահրուին երկրէն ներս առկայ իսլամատեացութիւնն ու թրքատեացութիւնը։ Խորհրդարանին կողմէ նման որոշման մը ընդունուիլը խոտոր կը համեմատի Գերմանիոյ սահմանադրութեան, այս պատճառով կը մտածենք, թէ դատարանը պիտի արժեւորէ մեր դիմումը», ըսաւ փաստաբանը։
ՇՈՒԼՑԻ ՆԱՄԱԿԸ
Միւս կողմէ, Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց նամակ մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին՝ Պունտեսթակի կողմէ ընդունուած որոշման բերումով ստեղծուած հակազդեցութեան ալիքին, Անգարայի կողմէ տրուած արձագանգին առընչութեամբ։ Մարթին Շուլց նամակին մէջ շեշտեց, որ պէտք է դադրեցնել Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամներուն դէմ կատարուած յարձակումները։ Ան նամակին մէջ պահանջեց նաեւ վերջ տալ այն յայտարարութիւններուն, որոնք կը կատարուին Գերմանիոյ խորհրդարանի թրքական արմատներով երեսփոխաններուն դէմ։ Մարթին Շուլց բացարձակապէս անընդունելի համարեց նաեւ երեսփոխաններուն եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն միջեւ կապ ստեղծուիլը եւ այս բոլոր երեւոյթները պախարակեց խստիւ։
«Տէր Շփիկըլ» գերմաներէն թերթի համացանցային տարբերակին մէջ լոյս տեսած հաղորդումներով, Մարթին Շուլց ընդգծած է, թէ խոր մտահոգութեամբ վերահասու դարձած է բանաւոր յարձակումներուն եւ մեղադրանքներուն։ «Որպէս նախագահը բազմազգ, բազմացեղ ու բազմակրօն խորհրդարանի մը՝ կ՚ուզեմ յայտնել, որ խորհրդարանականներու առաքելութեան ազատ ձեւով իրականացումը մեր Եւրոպայի ժողովրդավարութիւններուն հիմնական տարրերէն մին է։ Խորհրդարանի մէջ իրենց իրաւասութիւնները կ՚օգտագործեն երեսփոխանները, քաղաքական որոշում մը կայացնելու փուլին անոնք առանց որեւէ վնաս կրելու կրնան դրսեւորել իրենց տարբեր տեսակէտները եւ այս պատճառով չեն կրնար առընչակից դարձուիլ ահաբեկիչներուն հետ», նշած է իր նամակին մէջ Մարթին Շուլց։