ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՀՐԹԻՌԱԿՈԾՈՒԵՑԱՒ «ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ԳՏՆՈՒԱԾ ԹԱՂԱՄԱՍԸ

Զի­նեալ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­ներ նա­խըն­թաց օր հրթի­ռա­կո­ծե­ցին Հա­լէ­պի Սիւ­լէյ­մա­նիէ շրջա­նը։

Հա­լէ­պի «Գան­ձա­սար» շա­բա­թա­թեր­թին փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ հրթիռ մը ին­կաւ Ազ­գա­յին Կիւլ­պէն­կեան վար­ժա­րա­նին հան­դի­պա­կաց գտնուող շէն­քի մը եր­դի­քին վրայ։

Ճե­մա­րա­նի 9-րդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը հան­դէ­սի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան փոր­ձե­րուն հա­մար ժա­մա­նած էին վար­ժա­րան։
 Թե­թե­ւօ­րէն վի­րա­ւորուե­ցաւ 9-րդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ Ա­ռա­քել Թեր­զեան, որ ան­մի­ջա­պէս հի­ւան­դա­նոց փո­խադ­րուե­ցաւ, որուն ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը կա­յուն է։

Ուրբաթ, Յունիս 10, 2016