ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ՍԾՏՀԿ-Ի ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Սոչիի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) փոխադրութեան նախարարներուն հանդիպումը։ Ռուսաստանի Փոխադրութեան նախարար Մաքսիմ Սոքոլովի տանտիրութեամբ տեղի ունեցաւ այս նիստը, որու ընթացքին տեղի ունեցան շարք մը քննարկումներ՝ փոխադրութեան նոր երթուղիներու մշակման հնարաւորութիւններու, երկաթուղիով ուղեւորներու եւ բեռներու փոխադրութեան դիւրացման եւ այլ շարք մը նիւթերու շուրջ։ Ժողովին մասնակցած ՍԾՏՀԿ-ի անգամ երկիրներու փոխադրութեան նախարարները կամ փոխ-նախարարները հանդէս եկան ելոյթներով։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Փոխադրութեան ու կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան Սոչիի իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ այն աշխատանքներուն, որոնք յառաջ կը տարուին երկրի փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու զարգացման ուղղութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ ան առանձնացուց «Հիւսիս-հարաւ» ճանապարհային միջանցքը եւ «Հարաւային երկաթուղի»ի կառուցման ծրագիրը։ Նախարարը կարեւորեց ՍԾՏՀԿ-ի անդամ երկիրներուն միջեւ երկկողմանի ու տարանցիկ բեռնափոխադրումներու իրականացման թոյլտուութիւնը։
Սոչիի մէջ կազմակերպուած հանդիպման աւարտին ժողովականները ընդունեցին համատեղ յայտարարութիւն մը՝ ՍԾՏՀԿ-ի երկիրներու տարածքէն ներս փոխադրութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան ամրապնդման վերաբերեալ։