ԱրցախԻ Արկածային Զբօսաշրջութեան Նոր ՀնարաւորութիւններԸ
Արցախը հանդէս կու գայ արկածային զբօսաշրջութեան նոր հնարաւորութիւններով:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, քայլարշաւով հետաքրքրուողներուն կ՚առաջարկուի Արցախի ամբողջ երկայնքով «Ճանապարհ Թրէյլ» կոչուող արահետը, որ Արցախի Ծար գիւղէն մինչեւ Հադրութ ինկած տարածքին է՝ կ՚առանձնանայ իր արկածային պատմութիւններով, գեղեցիկ բնական տեսարաններով ու զանազան ճարտարապետական հարուստ յուշարձաններով:
«Երթուղին մասնաւորապէս գծանշուած է Ստեփանակերտէն հիւսիս ինկած արահետներու վրայ, սակայն կը ծրագրուի իրականացնել «Ճանապարհ Թրէյլ»ի ամբողջական գծանշում, կահաւորում ու բարեկարգում, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ առաւել ապահով եւ անվտանգ անցնելու երթուղին: Քանի որ երթուղին բաւական հանրաճանաչ դարձած է արկածային զբօսաշրջութեան սիրահարներու համար, նախագիծին հեղինակները արահետները աւելցուցած են տարբեր յաւելուածներու մէջ՝ ուղղորդումը դիւրացնելու նպատակով», նշած է Արցախի Տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրի կառավարիչ Արտակ Գրիգորեան:
Երթուղին համաշխարհային կը համարուի, որովհետեւ կարելի է տարանջատել իրարմէ եւ անցնիլ այն մասը, որ առաւել հետաքրքրական է ճանապարհորդի համար. ըլլայ Շուշիէն Յունոտի կիրճ, թէ Ազոխէն Գտչավանք ու Տող՝ մէկօրեայ արշաւի համար կամ ամբողջ երթուղին՝ երկշաբաթեայ տեւողութեամբ:
Յատկանշական է, որ արահետը կարելի է անցնիլ տարուան որեւէ եղանակի, նոյնիսկ ձմրան, համապատասխան հանդերձանքի առկայութեան պարագային: Արդէն հետաքրքրուողներ կան, գործող արահետով քայլարշաւ կը կազմակերպեն Ռուսաստանէն, եւրոպական երկիրներէ, Միացեալ Նահանոգներէն եկած զբօսաշրջիկները:
«Հարկ է նկատել, որ նախագիծով ամէն փուլի աւարտ կը հասցուի որեւէ բնակավայրի մօտ, որ հնարաւորութիւն կու տայ զբօսաշրջիկին շփուելու տեղացիներու հետ, ծանօթանալու բարքերուն ու աւանդոյթներուն: Արցախի անտառապատ լեռներուն մէջ կանաչ բացատներու առկայութիւնը հրաշալի հնարաւորութիւն է բանակումներ սիրող ճամբորդներու համար: Բանակում կարելի է կազմակերպել նաեւ տեղացիներու ագարակներուն մէջ կամ տնամերձ տարածքներու վրայ», նշած է Արտակ Գրիգորեան:
2015 թուականին երթուղին երկարացուած է մինչեւ Սեւանի աւազան՝ Վարդենեաց լեռնանցքով, նպատակ ունենալով զայն հասցնել մինչեւ Երեւանի մատոյցներ:
Արտակ Գրիգորեանի խօսքով, մերօրեայ զբօսաշրջիկի հիմնական ակնկալիքը՝որքան հնարաւոր է մեծ տպաւորութիւն ստանալ այս կամ այն զբօսաշրջային ուղղութիւն այցելելէն: Խօսքը ոչ միայն տարատեսակ զբօսաշրջավայրեր կամ յուշարձաններ այցելելու մասին է, այլ տարբեր հետաքրքրական զբաղմունքներու եւ փորձի, որոնց կ՚առընչուի զբօսաշրջիկը այցելութեան ժամանակ: Ան ընդգծած է, որ Արցախի մէջ եւս նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծուին զբօսաշրջիկներու այցը հետաքրքրական ու բազմաբնոյթ դարձնելու համար:
«Լեռնային գծանշուած արահետներով Արցախի Հիւսիս-հարաւ երթուղիէն մինչեւ Արցախի հանրայայտ գինիի երթուղիներով անցնիլը կամ «Մուկլիմանդիլ» սրճարանին մէջ սալսայի դասընթացքներէն մինչեւ Ստեփանակերտի Շահումեանի անուան պուրակին մէջ ազգագրական պարերու բաց դասեր: Այս շարքը կարելի է երկար շարունակել», աւելցուցած է Արտակ Գրիգորեան՝ նշելով, որ տարուէ տարի կ՚ընդլայնուին Արցախի մէջ զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները: