ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՄԵԿՆԱՐԿ

Հռոմի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Հայաստան-Իտալիա միջկառավարական յանձնաժողովի անդրանիկ նիստը։ Բանակցութիւնները գլխաւորեցին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Եդուարդ Նալպանտեան եւ Անճելինօ Ալֆանօ։ Նալպանտեան այս առթիւ ընդգծեց, որ այս յանձնաժողովը նոր հեռանկարներ կը բանայ տնտեսական համագործակցութեան համար, կը խթանէ գործընկերութիւնը զանազան ոլորտներէ ներս։ «Կ՚ակնկալենք այս տարուան աշնան՝ Պրիւքսելի մէջ կայանալիք Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովի ժամանակ ստորագրել Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ Համապարփակ ու ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, որ կը սահմանէ մեր աշխոյժ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ ընդլայնուած ոլորտային համագործակցութեան շրջանակը։ ԵՄ-Հայաստան գործընկերութիւնը լաւ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ ԵՄ-ի անդամ երկիրներու հետ երկկողմանի կապերու հետագայ ամրապնդման առումով եւ մենք կը ձգտինք օգտագործել այդ մէկը Իտալիոյ հետ մեր համագործակցութիւնը խորացնելու համար», ըսաւ նախարարը։ Բաց աստի, Նալպանտեան յոյս յայտնեց, որ միջկառավարական յանձնաժողովը գործունէութեան ընթացքին օգուտ կը քաղէ այն առաւելութիւններէն, որոնք պայմանաւորուած են Հայաստանի՝ ԵԱՏՄ-ի անդամակցութեամբ։

Անդրանիկ նիստնի զուգահեռ՝ Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն կողմէ կազմակերպուած Հայաստան-Իտալիա գործարար համաժողովը։ Նալպանտեան եւ Ալֆանօ ունեցան նաեւ առանձին հանդիպում մը, որու ընթացքին քննարկեցին միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերը։ Նալպանտեան կանգ առաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վրայ՝ մանաւանդ, որ Իտալիա յաջորդ տարի պիտի ստանձնէ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը։ Երկու նախարարները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Եդուարդ Նալպանտեան ելոյթով մըն ալ հանդէս եկաւ Իտալիոյ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կապերու ընկերակցութեան մէջ։

Իր կեցութեան ընթացքին, նախարար Նալպանտեան այցելեց նաեւ Վատիկան, ուր հաադիպում մը ունեցաւ Սուրբ Աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Փոլ Կալակէր Արքեպիսկոպոսին հետ։

Շաբաթ, Յունիս 10, 2017