ԲԱՑՕԹԵԱՅ ԹԱՏՐՈՆ
Վանաձորի թատրոնի ետնաբակին մէջ սկսած են բացօթեայ բեմի նախապատրաստման աշխատանքները։ Այսպէս, Վանաձորի Յովհաննէս Աբէլեանի անուան տրամաթիքական թատրոնի ետնաբակին մէջ օրերս կը սկսին բացօթեայ բեմի նախապատրաստման աշխատանքները:
«Արմէնփրէս»ի թղթակիցի հետ զրուցելու ժամանակ թատրոնի լրատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Գոռ Փելեշեան նշեց, որ հրաշալի է, որ թատրոնը ունի գեղեցիկ ետնաբակ եւ բացօթեայ ներկայացումներ բեմադրելու եզակի հնարաւորութիւն:
«Նախ եւ առաջ այստեղ քսան-երեսուն թատերասէրի դատին կրնանք յանձնել բեմադիր Արամ Մխիթարեանի բեմադրութեամբ մանկական ներկայացումներ: Յետագային հնարաւոր է բեմայարդարումները փոխել եւ երեկոյեան ներկայացումներ խաղալ մեծահասակներու համար: Աւաղ, յստակ չենք կրնար ըսել, թէ ե՛րբ կը սկսին ներկայացումները, քանի որ այդ մէկը կախեալ է երկրին մէջ տիրող իրավիճակէն», ըսաւ Փելեշեան:
Ան յիշեցուց, որ շուտով Ստեփան Զօրեանի տուն-թանգարանի այգիին մէջ կը խաղան Զօրեանի «Խնձորի այգին» ստեղծագործութեան հիման վրայ բեմադրուած ներկայացումը:
Զրոյցի ընթացքին թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Վահէ Շահվերդտեանն ալ ըսաւ, որ այնտեղ կրնայ միայն երեսուն-քառասուն հոգի ներկայ ըլլալ, բայց կարեւորը միայն հանդիսատեսի քանակը չէ, այլեւ ամենակարեւորն է, որ թատրոնը կը շարունակէ ստեղծագործական առաքելութիւնը։