ԳՈՌ ՍՈՒՃԵԱՆԻ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Գոռ Սուճեան հետաքրքրական մեկնաբանութեամբ ներկայացուցած է Մայքըլ Ճեքսընի երգերէն մին։ Այսպէս, սիրուած երգիչ Գոռ Սուճեան, որ յաճախ հանդէս կու գայ երաժշտական տարբեր ոճերով, իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ ներկայացուցած է փոփի արքայ Մայքըլ Ճեքսընի Beat It երգը: Սուճեան հոլովակը հրապարակած է «Ֆէյսպուք»ի իր պաշտօնական էջին վրայ:

Գոռ Սուճեան կ՚երգէ պզտիկ տարիքէն, սակայն երաժշտասէրներու լայն շրջանակին յայտնի դարձաւ «Տորիանս» ռաք խումբով: «Տորիանս»ը 2013 թուականին Հայաստանը ներկայացուց «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին ընթացքին՝ կատարելով Lonely Planet երգը: Խումբի գործունէութեան շրջան մը դադարէն յետոյ ան ելոյթներ կ՚ունենայ որպէս անհատ կատարող: Մի քանի տարիէ ի վեր իբրեւ մենակատար հանդէս կու գայ Project LA նախագիծին մէջ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2020