ԶՕՐ. ՄԱՆՈՒԷԼ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՎԻՃԱԿԸ ԾԱՅՐԱՅԵՂ ԾԱՆՐ

Հայաստանի նախկին երեսփոխաններէն, Երկրապահ կամաւորներու միութեան նախկին բազմամեայ նախագահ զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանի առողջական վիճակը ծանրացած է ծայրայեղօրէն։ Մանուէլ Գրիգորեան Հայաստանի իշխանափոխութենէն վերջ ձերբակալուած էր շատ աղմկարար ձեւով։ Ձերբակալուած էր նաեւ իր կողակիցը։ Ներկայիս Մանուէլ Գրիգորեան Երեւանի «Նայիրի» բժշկական կեդրոնի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ կը գտուի։ Իր փաստաբանը՝ Արսէն Մկրտչեան տեղեկացուց, որ իր վիճակը ծայրայեղ ծանր է։ Ըստ փաստաբանի վկայութեան, ան ունեցած է նաեւ գիտակցութեան կորուստ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2020