ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐՈՎ ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ՄԻՇՏ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան հերթական անգամ վիճակագրական տուեալներ հրապարակեց՝ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ։ Այսպէս, երէկուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 37 հազար 225 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 993 նոր վարակեալ։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով նոր վարակեալներու թիւը միշտ կը մնայ մտահոգիչ մակարդակի վրայ։ Բոլոր հարթութիւններու վրայ սա կը համարուի մտահոգիչ տուեալ մը։ Արդարեւ, նոր վարակեալներու թիւի հազարի շեմի մօտենալը կրնայ պատճառ դառնալ համաճարակի նոր ալիքի մը ծնունդ առնելուն։

Երէկուան դրութեամբ առողջացած հիւանդներու թիւը եղած է 3 հազար 218։ Նոյն ժամանակաշրջանին համավարակի զոհ գացած է 18 հոգի։ Ըստ վերջին տուեալներուն, Թուրքիոյ մէջ ցարդ առողջացածներու ընդհանուր թիւը բարձրացած է 144 հազար 598-ի։

Նախարար Քոճա ուշադրութիւն հրաւիրեց, որ վերջին օրուան տեւողութեան առողջացած հիւանդներու մէկ երրորդին չափ նոր վարակեալ ի յայտ եկած է։ Այս պատճառով խտացեալ խնամքի կամ արհեստական շնչառութեան պարագաներն ալ աւելցած են։ Նախարարը յիշեցուց, թէ որեւէ գիտական տուեալ գոյութիւն չունի՝ ապացուցանելու համար քորոնաժահրի ազդեցութեան նուազած ըլլալը։ Ուստի, նախազգուշական միջոցներու տեւականացումը կը համարուի բնականոն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2020