ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՔԱՅԼԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, երէկ, Նախարարաց խորհուրդը ժողով մը գումարեց Անգարայի մէջ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցած նիստի աւարտին պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ, որ Թուրքիոյ մէջ յաւելեալ քայլեր կ՚առնուին՝ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտով պայմանաւորուած սահմանափակումներու մեղմացման ուղղութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ ամենակարեւորն է 18 տարեկանէ վար եւ 65 տարեկանէ վեր քաղաքացիներու պարագային փողոց դուրս գալու արգելքին էապէս մեղմացումը։ Անոնք այլեւս պիտի կարողանան ազատօրէն շրջագայիլ՝ ժամը 10.00-20.00-ին։ Բաց աստի, ժամանակացոյց մըն ալ նախատեսուած է զբօսավայրերու վերաբացման համար։ Այսպէս, թատրոնները, շարժանկարի սրահները եւ նման կեդրոնները, ինչպէս նաեւ հարսանեկան սրահները պիտի սկսին գործարկուիլ 1 յուլիսի դրութեամբ։ Ճաշարաններու եւ սրճարաններու պարագային աշխատանքային ժամն ալ 22.00-էն երկարաձգուեցաւ մինչեւ կէսգիշեր։
Նախագահ Էրտողան երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ մինչեւ համաճարակի վերջնական յաղթահարումը առօրեան պէտք է յառաջ տանիլ դիմակով, մաքրութեամբ եւ ֆիզիքական հեռաւորութեան պահպանումով։ Բաց աստի, ան դիտել տուաւ, որ թէ՛ միջազգային առողջապահութեան օժանդակութիւններու եւ թէ դեղամիջոցներու զարգացման ուղղութեամբ կարեւոր նը-ւաճումներ խնդրոյ առարկայ են երկրին մէջ։
Նախագահ Էրտողան երէկուան ժողովէն վերջ անդրադարձաւ նաեւ տնտեսական իրավիճակին։ «Փութով վերականգնուելու ընթացքի մէջ ենք», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ մինչեւ տարեվերջ երկրի տնտեսութիւնը անպայման աճ արձանագրած պիտի ըլլայ։
Բաց աստի, Էրտողան խօսեցաւ նոր ծրագրի մը շուրջ։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ պիտի հաստատուի լրացուցիչ հանգստեան թոշակի դրութիւն մը։ Այս ուղղութեամբ աշխատանքները արդէն սկսած են։ Այստեղ հիմնական նպատակն է գործարարներու, ներդրողներու համար յարմար փոխարժէքով եւ երկարաժամկէտ միջոցներ ապահովելիք նոր համակարգի մը ստեղծուիլը։